
Tert.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հրահանգին մասին տարածուած լուրին արձագանգած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ:
Ըստ անոր, «Հայաստանի հետ սահմանային դարպասը բանալը արտաքին ուժերու ուղղուած պատգամ է»:
Ան նշած է, որ այդպիսի քայլ մը պիտի նշանակէ, որ «օտարներու հետ խաղը պիտի շարունակուի»:
Յիշեցնենք, որ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ Էրտողան յանձնարարած է պատրաստուիլ սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն հերքած է այն լուրը, թէ Թուրքիոյ վարչապետը յանձնարարած է բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ալիջանի անցակէտը:


