
«Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը, որ ստանձնած է լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ արձանագրուած ահաբեկչութիւններուն ու անձնասպանական գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը, երէկ յայտարարեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները պիտի չկարենան արգիլել Լիբանանի մէջ գործադրելիք իրենց ահաբեկչական ծրագիրները:
«Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը ուղղակիօրէն ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի յայտնեց, որ ինք եւ իր ապահովական խաչակիր ուժերը բարձր մակարդակի միամտութեամբ եւ թեթեւամտութեամբ կը յատկանշուին, եւ իբրեւ այդպիսին անոնք պիտի չկարենան կանխարգիլել իրենց գործելիք «օրհնեալ ժիհատական գործողութիւնները», ո՛ւր եւ ե՛րբ որ ուզեն:
Նշենք, որ նախարար Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընդմէջէն շեշտած էր, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը լաւ է, եւ երկրին ապահովական ուժերը արտակարգ կերպով կը կատարեն իրենց աշխատանքը:
Մաշնուք բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն ջանքերը եւ ահաբեկչական կարգ մը արարքներուն ձախողեցումն ու կանխարգիլումը` շեշտելով, որ այս առումով լիբանանցի քաղաքացիները պէտք չէ վախնան եւ իրարանցումի մատնուին:
Մաշնուք նշեց նաեւ, որ «Ահրար Սուննա Պաալպեք»-ի թուիթըրեան յայտարարութիւնները Լիբանանէն չեն կատարուած` ըստ օտար գաղտնի սպասարկութիւններու:
Իրենց կարգին, ապահովական կառոյցները յայտնեցին, որ «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը կեղծ շարժում մըն է` աւելցնելով, որ ըստ իրենց հետապնդումներուն, այս խմբաւորումին համացանցային հասցէն արձանագրուած է Բրիտանիոյ կամ Ափրիկէի մէջ եւ ոչ թէ Լիբանանի:


