Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Տաւութօղլու Խեղաթիւրած Է Պատմութիւնը

July 2, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտնի յօդուածին, որուն մէջ վերջինս նշած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նոր եւ աւելի հաստատուն դարաշրջան պիտի հաստատուի, եթէ մտաւորականները եւ քաղաքական գործիչները գործեն երկու կողմերուն հոգեբանական արգելքները յաղթահարելու եւ «արդարացի յիշողութիւն» կառուցելու համար` յայտնելով, որ «այն հիմնաւորումները, զորս արտաքին գործոց նախարարը կու տայ իր վերջին «գիտական յօդուածին մէջ», պատմութիւնը կը խեղաթիւրեն»:

«Փորձել խեղաթիւրել քաղաքականութիւնը` որոշ քաղաքական նպատակայարմարութենէ մեկնելով, նոյն ժխտողական քաղաքականութիւնն է` աւելի նուրբ, աւելի բարդ մօտեցումով», ըսաւ Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, ասիկա իրականութեան մէջ քաղաքականութիւն մըն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարիներ շարունակ առաջ կը տանին: Մանոյեան յայտնեց, որ այդ երկու եզրերը` «արդարացի յիշողութիւն» եւ «ընդհանուր ցաւ», որ օգտագործած է Տաւութօղլու, նախապէս օգտագործուած են շարք մը մտաւորականներու կողմէ, որոնք կը փորձէին հանդէս գալ իբրեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ մինչեւ հիմա իրենք զիրենք Հրանդ Տինքի ընկերներ կը կոչեն ու իրենց մօտեցումներուն մէջ պետութեան բացայայտ ժխտողական քաղաքականութեան քիչ մը տարբեր մօտեցումներ կը դրսեւորէին, բայց միեւնոյն ժամանակ` կ՛ըսէին, որ անդրադարձ չըլլայ Պալքաններէն թուրքերու կամ իսլամներու տեղահանութիւններուն եւ այլն:

«Ասիկա, փաստօրէն, ուղղորդուած քաղաքականութիւն եղած է, եկած, հասած է մինչեւ 23 ապրիլ` վարչապետ Էրտողանի ուղերձին, որուն յաջորդեց արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը: Կը կարծեմ, որ այս բոլորին պէտք է մէկ գնահատական տալ` ասիկա իրականութեան մէջ ժխտողականութիւնը քիչ մը աւելի մեղմ ձեւով առջեւ տանելու քաղաքականութիւն է», նկատել տուաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ինչ կը վերաբերի Տաւութօղլուի այն միտքին, թէ «Հայերուն համար 1915 թուականը տեղահանութեան տարի էր, որուն ընթացքին մեծ ողբերգութիւններ տեղի ունեցած են, 1915 թուականին նախորդող եւ յաջորդող տարիները ողբերգութիւններով լեցուն էին նաեւ Անատոլիոյ թուրքերուն համար, այդ ժամանակ թուրքերը գոյութեան պայքար կը մղէին Չանաքքալէի մէջ, Պալքանեան պատերազմին ընթացքին, եւ ատիկա անոնց անկախութեան պատերազմն էր», Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ ասիկա իրականութեան մէջ պատմութեան խեղաթիւրում է, որովհետեւ թերեւս թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ ապրած են ցաւալի ժամանակներ, բայց անոր մէջ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունի:

 

Նախորդը

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Պաքուի Մէջ Արտաշէս Գեղամեանի Յայտարարութիւնը Զուտ Անձնական Տեսակէտէ

Յաջորդը

Հոլանտահայ Կազմակերպութիւնները Թուրք Ժխտողականներուն Դէմ Դատական Հարց Յարուցած Են

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.