Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարտ 8-ի Եւ Մարտ 14-ի Ուժերուն Միջեւ Քաղաքական Երկփեղկումը Ճեղք Մը Յառաջացուցած Է Նաեւ Երկրին Մէջ Եւ Նախագահական Աթոռին Դատարկութիւնը Պատճառած» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

June 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եազիժի եւ Ռայի պատրիարքները
Եազիժի եւ Ռայի պատրիարքները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ժիպէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օրհնութեան ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Լիբանան քաղաքական մակարդակի վրայ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուժերուն միջեւ երկփեղկումի մթնոլորտը կ՛ապրի, «եւ այդ երկփեղկումը ճեղք մը յառաջացուցած է նաեւ երկրին մէջ եւ պատճառած նախագահական թափուր աթոռ մը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց եւ մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել այս հանգրուանը: Ան նշեց նաեւ, որ քրիստոնեաները պէտք է գիտնան, թէ իրենք աշխարհին մէջ, յատկապէս տագնապներ դիմագրաւող Միջին Արեւելքի մէջ դերակատարութիւն մը ունին ստանձնելիք: «Քրիստոնեաները պէտք է ըլլան սիւննի եւ շիի յարանուանութիւնները միաւորող ուժը` պահպանելով բազմազանութեան նկատմամբ իրենց հաւատքը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց բոլորին միջեւ հաշտութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ առանց հաշտութեան տօները անիմաստ եւ անարժէք կը դառնան:

Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարք

Միւս կողմէ, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պալամանտ վանքին մէջ գումարուած անտիոքեան խորհրդաժողովին եզրափակիչ նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ անոնց պարտականութիւնները:

Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու երաշխիքն է` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը կը խոչընդոտէ քաղաքացիին ծառայութեան համար գործող հաստատութիւնները:

Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ անտիոքեան եկեղեցին պատրաստ է ընդունելու եւ խաղաղ կերպով գոյակցելու իր իսլամ եղբօր հետ:

Ան խստիւ դատապարտեց Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային անտարբերութիւնը եւ այս հարցին մասին անոնց ցուցաբերած լռութիւնը ամօթի կնիք մը նկատեց մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններուն ճակատին:

 

Նախորդը

«Բրիտանիա Կը Զօրակցի Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Ռայի Պատրիարքին Ջանքերուն» Ըսաւ Թոմ Ֆլեչըր

Յաջորդը

Ռաշիտ Սոլհի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.