«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Գումգափու թաղամասին մէջ Հայաստանի քաղաքացիի սպանութենէն ետք կատարուած ոստիկանական գործողութիւնը թաղամասի հայաստանցի գաղթականներու շրջանակին մէջ մտահոգութեան առիթ դարձած է:
Միջադէպէն ետք ոստիկանութիւնը փողոցներուն մէջ խուզարկած է անցորդները, մտած է տուներ: Գործողութեան մասնակցած է 1600 ոստիկան, նաեւ` ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
Անհանգստութիւնն ու վախը շրջանի հայ բնակչութեան շրջանին մէջ գերիշխող դարձած է:
Արդէն տասը տարիէ ի վեր Գումգափու թաղամասին մէջ բնակող կին մը պատմած է, որ վերջին երկու տարիներուն թաղամասին մէջ թմրավաճառներ յայտնուած են:
«Տարիներ շարունակ այստեղ կ՛ապրիմ, սակայն երբեք այսքան անհանգիստ չեմ եղած: Փողոցին մէջտեղը թմրեցուցիչ կը վաճառեն: Մինչեւ իսկ թմրեցուցիչները փողոցներուն մէջ օգտագործողներ կան: Ամէն երեկոյ զէնքի ձայներ կը լսենք: Անցեալ շաբաթ մեր փողոցին մէջ 50 հոգինոց երկու խումբ զէնքերով կռիւ ըրին», պատմած է ան:
Արդէն ինը տարիէ ի վեր Նիշանճա թաղամասին մէջ բնակող հայաստանցի երիտասարդը կ՛ըսէ. «Երեկոյեան ժամերու դրան առջեւ դուրս գալ չենք կրնար: Մտահոգ ենք երեխաներուն համար: Ամէն վիճաբանութեան, ամէն զէնքի ձայն լսելու ատեն մեր ծանօթներուն կը հեռաձայնենք` համոզուելու համար, որ լաւ են»:
21 յունիսին ոստիկանութիւնը փողոցին մէջ գործողութիւն կատարած է: Բոլոր նեղ փողոցները փակած ոստիկանները տարբեր կէտերու վրայ խուզարկութիւններ կատարած են: Հայաստանի քաղաքացիներէն ոեւէ մէկը չէ ձերբակալուած, եւ հայերու տուներուն մէջ խուզարկութիւններ չեն եղած, սակայն ատկէ ետք Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ հալածանքներ սկսած են: Թմրավաճառները հայերու դէմ յարձակում գործած են` զանոնք մեղադրելով զիրենք մատնելու յանցանքով:


