24 յունիսին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ` հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հարուած ստացած է 19-ամեայ զինուոր Արմէն Աւետիսեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Աւետիսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Միջադէպին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի զինուոր Արմէն Աւետիսեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութեան» մետալով:


