
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` աջակցութիւն ցուցաբերելու «Հալէպի անպաշտպան եւ տառապող ժողովուրդին»:
«Ժիհատականներու բանակները շրջապատած են Հալէպը», գրած է Խաչիկեան Օպամային ուղղուած բաց նամակին մէջ` աւելցնելով. «Այս պահուն կը հրթիռակոծուին տուներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, բժշկական հաստատութիւններ, առեւտրական խանութներ: Հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական համայնքները կ՛ոչնչացուին Քայիտայի հետ կապեր ունեցող ահաբեկիչներու կողմէ: Ամերիկայի հայ համայնքը չի կրնար համակերպիլ եւ չ՛ընդունիր Միացեալ Նահանգներու անտարբերութիւնը, մինչ Հալէպը գազանաբար կը կործանի»:
Հայ դատի յանձնախումբի նամակը կ՛աւարտի Օպամային ուղղուած կոչով` ամէնէն ուշը մինչեւ յաջորդ շաբթուան աւարտը արտակարգ խորհրդակցութիւն հրաւիրելու Ամերիկայի հայ համայնքի առաջնորդներու մասնակցութեամբ եւ քննարկելու Հալէպի փրկութեան ծրագիրը:


