Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալուն Ընթացքին Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Գ. Նիստը

June 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նախագահական աթոռի թափուր մնալուն ընթացքին կառավարութեան երէկուան նիստը եղաւ երրորդը, որուն ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ այդ հանդիպումը անհանգիստ պայմաններու մէջ կը կատարուի` նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռը եւ օրէնսդրական նիստերուն խոչընդոտումը, ինչպէս նաեւ շրջանային աննպաստ պայմանները, որոնք կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց լիբանանեան ներքին կայունութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան միասնական աշխատելաոճը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետը շեշտեց նաեւ երկրին կարիքները հոգալու եւ գերագոյն շահերը ապահովելու առաջնահերթութիւնը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ փոխանցեց վարչապետին կեցուածքները, յայտնեց, որ Սալամի խօսքէն ետք նախարարները քննարկած են վարչապետին նշած քանի մը հարցերը:

Ժրէյժ աւելցուց, որ քննարկուած են նաեւ կրթութեան նախարարութեան եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին միջեւ բանակցութիւնները:

Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, որ իրենք քննարկած են երկրին ապահովական իրավիճակը` նշելով, որ վարչապետը յանձնառու է կառավարութեան աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքին եւ անոր հզօրացման: «Հետեւաբար ան նկատեց, որ կառավարութեան գործելաոճին մասին խորհրդակցութիւնները կրնան տակաւին որոշ ժամանակի ընթացքին շարունակուիլ, մինչեւ որ բիւրեղանան», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ վարչապետը որոշած է նիստին աւարտը եւ աւելի ուշ կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ այլ նիստի:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Կառչած Կը Մնամ Հանրի Հըլուի Թեկնածութեան»

Յաջորդը

Պուէնոս Այրեսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու  Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

November 26, 2026
Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը  Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական  Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է,  Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»
Լիբանանեան

Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»

November 26, 2026
Ժրուտ Պաթրունի Մէջ Ձերբակալուածները  «Բռնի Կերպով Կալանաւորուած» Որակելով`  Հաժ Հասան. «Քաղաքականացումը Հասած Է  Վտանգաւոր Մակարդակի,  Եւ Համբերութիւնը Սահման Ունի»
Լիբանանեան

Ժրուտ Պաթրունի Մէջ Ձերբակալուածները «Բռնի Կերպով Կալանաւորուած» Որակելով` Հաժ Հասան. «Քաղաքականացումը Հասած Է Վտանգաւոր Մակարդակի, Եւ Համբերութիւնը Սահման Ունի»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։