
Հալէպի հայաշատ Նոր Գիւղ շրջանին վրայ կատարուած հակահայ յարձակումներուն լոյսին տակ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթընին յղած է նամակ մը, որուն մէջ ի միջի այլոց կը նշուի.
Ձերդ գերազանցութիւն,
Վերջերս, 21 մարտ 2014-ին Քայիտայի հետ կապ ունեցող ուժերը յարձակեցան Քեսապի վրայ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ` ստիպելով բնակիչները լքելու իրենց օճախները եւ ապաստան գտնելու Լաթաքիա քաղաքը: Այսօր, ծայրայեղականները յարձակումներ կը կատարեն Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն եւ յատկապէս Նոր Գիւղին վրայ: Եթէ Թուրքիան չի քաջալերեր եւ նոյնիսկ չի հրահրեր այս յարձակումները, շատ դիւրութեամբ կրնար փակել իր սահմանները եւ արգիլել ծայրայեղական այս խմբակցութիւններուն ազատ շրջագայութիւնը:
Եւրոպայի քաղաքացի մեր հայրենակիցներուն անունով եւս կոչ կ՛ուղղենք ձեզի` իբրեւ ղեկավար Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններուն, դիմելու պատշաճ քայլերու` ճնշում բանեցնելու համար այն երկիրներուն վրայ, որոնք կը քաջալերեն Քայիտայի մօտ գտնուող այս խմբակցութիւնները, որպէսզի դադրեցնեն անոնց զէնքերու եւ գումարներու հայթայթումը: Յատկապէս Թուրքիոյ, որ կը զինէ եւ կ՛արտօնէ նոյնիսկ հրահրելով ազատ շրջագայութիւնը այս խմբակցութիւններուն, հակառակ իր կեղծ վստահեցումներուն, թէ այդպէս չ՛ըներ: Փաստերը ցայտուն են:
Յարգանքներով`
ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Նախագահ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի


