Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՅՔԱՐՊՈՆԱԹԸ ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉԷ ՄԻԱՅՆ

July 7, 2011
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա.

ՓՈՇԻ, ՈՐ ԶԵՐԾ Է ԾԱԽՍԷ ԵՒ ՎՆԱՍԷ

Հինէն ի վեր պայքարպոնաթը արդէն փաստած է իր ազդեցութիւնը խոհանոցէն ներս եւ ընդհանրապէս տան մէջ` առօրեայ առողջապահական նեղութիւնները նուազեցնելով:

Այս ճերմակ փոշին ոչ միայն ծախսալից չէ, այլեւ ոչ մէկ ձեւով կը վնասէ առողջութեան եւ կենսոլորտին: Պէտք է զգուշանանք շփոթելէ փոշի պայքարպոնաթը` քարպոնաթ սոտայէն եւ  քարպոնաթ սոտիոմէն: Վերջինս կը ծառայէ իբրեւ տան մաքրութեան դեղ: Ուշադիր պէտք է ըլլալ նաեւ շփոթելէ պայքարպոնաթը` այրուածք պատճառող սոտայէն, որուն քիմիական անունը հայտրոքսիտ սոտիոմ է: Վերջինս չափազանց թունաւոր է:

Պայքարպոնաթը կը գտնենք նպարավաճառներուն մօտ` աղի եւ համեմներու բաժինը զետեղուած: Զայն կը գտնենք նաեւ դեղարանները:

ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՒՐԱՑՆՈՂ ԵՒ ՀԱԿԱՆԵԽՈՂ

Պայքարպոնաթը ծանօթ է մարսողութիւնը դիւրացնելու կամ դժուարամարսութեան դէմ պայքարելու յատկութեամբ: Այրուածք կամ թթուածութիւն ունի՞ ստամոքսդ: Հարուստ ճաշէ մը ետք դժուարամարսութիւն ունեցա՞ր: Բուժումը դիւրին է` մէկ փոքր դգալ փոշի պայքարպոնաթ լուծէ մէկ գաւաթ ջուրի մէջ ու խմէ: Պայքարպոնաթը նիւթ մըն է, որ ծծելու յատկութիւն ունի: Ան կը հաւասարակշռէ PH ջրածինի քանակը մարմնին մէջ  եւ կ՛արգիլէ թթուածութեան քանակի աւելացումը:

Եթէ զգայուն ստամոքս ունիս, կը թելադրենք, որ պտղունց մը պայքարպոնաթ ցանես ընդեղէններուն վրայ, զանոնք եփելու ընթացքին: Կարելի է նաեւ լոլիկի կամ պտուղի նման թթու ուտելիքներուն վրայ ալ ցանել մարսողութիւնը դիւրացնելու համար:

Ներկայիս մասնագէտներ պայքարպոնաթի նոր յատկութիւն մըն ալ ի յայտ բերին, անոր հականեխելու յատկութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ մեզմէ շատերու մտքէն կը վրիպի, որ  սանտրերը, վրձինները,  եղունգի խարտոցը, շպարի վրձինները ժամանակի ընթացքին կը վերածուին մանրէներու բոյնի: Զանոնք մաքրելու լաւագոյն միջոցն է պայքարպոնաթի գործածութիւնը: Բաւարար է զանոնք մէկ գիշեր թրջել լուացարանին մէջ` աւելցնելով ութ մեծ դգալ պայքարպոնաթ: Յաջորդ առտու ջուրով կարելի է ցօղուել գործիքները:

Կ՛ուզե՞ս հականեխել կամ մաքրել ձեռքերդ: Բաւարար է թրջել եւ պայքարպոնաթով շփել զանոնք, ճիշդ օճառի պէս: Արդիւնքը կ՛ըլլայ մաքուր ու փափուկ ձեռքեր: Իսկ եթէ կ՛ուզես եղունգներդ ճերմկցնել ու մաքրել նախքան զանոնք կոկելը, կարելի է թրջել զանոնք գաղջ ջուր եւ երեք մեծ դգալ պայքարպոնաթ պարունակող թասի մը մէջ:

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. 13-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ «ՈՎԱՍԻՍ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԺԱՄԱՆՑԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.