Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. 13-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ «ՈՎԱՍԻՍ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԺԱՄԱՆՑԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

July 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 4 յուլիս 2011-ի առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից եւ բարձրագոյն վարժարաններու շրջափակին մէջ ուրախ եռուզեռ կը տիրէր: Մեկնարկեց Մեսրոպեան  արուեստից վարժարանի դաստիարակչական եւ ուրախ ժամանցի ամառնային «Ովասիս» ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի տարբեր վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներէ ժամանած աւելի  քան 250 աշակերտներ:

Աւանդութեան համաձայն, «Ովասիս»ի դասարանները բաժնուած են զոյգ մեծ խումբերու` «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին 13 դասարաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատմական Հայաստանի գաւառներու, լեռներու, քաղաքներու անուններ, ինչպէս` Էրզրում, Մարաշ, Սասուն, Ատանա, Մուշ, Վան, Սիս, Անի, Կեսարիա, Տիգրանակերտ, Այնթապ, Ամանոս, Զէյթուն: Այս դասարաններուն կողքին, կը գործեն նաեւ ձեռայինի, քոնկ-ֆուի, երգի, մարզանքի, գծագրութեան, համակարգիչի, երգի յատուկ դասասենեակներ:

Աւանդութեան համաձայն, Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան «Պահպանիչ»ով օրհնեց «Ովասիս»ի մեծ ընտանիքը` Աստուծմէ խնդրելով ապահով, անփորձանք, ուրախ եւ անհոգ օրեր բոլոր ովասիսականներուն համար, որմէ ետք բոլոր մասնակիցները միասնական «Հայր մեր» ու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքներով  բարի եւ ապահով ամառ մը մաղթեցին իրարու:

Աշակերտութեան իր խօսքը ուղղեց Մեսրոպեան արուեստից եւ բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէն  Կրեկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «Ովասիսի 13-րդ բացումն է, որ կը կատարենք միասին: Աւելի քան 250 հոգիներով միասնաբար պիտի անցընենք ուրախ, զուարճալի օրեր: Ֆրանսայէն, Տուպայէն, հեռաւոր Ամերիկայէն մասնակիցներ ունինք: Բոլորս միասնաբար պիտի ապրինք հայաշունչ ժամանակ մը, պիտի մաղթեմ, որ նախորդ տարիներուն նման «Ովասիս»ը ընթանայ հեզասահ, որուն գաղտնիքը զիրար յարգելու, սիրելու, օգնելու մէջ է: Հետեւաբար ձեզի կը մաղթեմ յաջող, օգտաշատ եւ ուրախ «Ովասիս»:

Կ. Գալուստ յիշեցուց նաեւ, որ «Ովասիս»ի աշխատանքները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կը տեւեն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:30-ը: Այս տարուան նորութիւններէն են թենիսի եւ հեծանիւի մարզումները:

Ձեռայինի, նկարչութեան, քոնկ-ֆուի եւ այլ հետաքրքրական մարզումներու կողքին, շաբաթական օր մըն ալ տրամադրուած է հետաքրքրական եւ հաճելի պտոյտի:

«Ովասիս» ամառնային ծրագիրը ունի փորձառու դաստիարակներ եւ ուսուցիչներ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 

Նախորդը

ՊԱՅՔԱՐՊՈՆԱԹԸ ՄԱՐՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉԷ ՄԻԱՅՆ

Յաջորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ . ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՒՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.