Արցախցիները դժգոհութիւն արտայայտած են Հայաստանի նախագահի վերջին յայտարարութենէն: «Երկիրն այսօր»-ի զրուցակիցներէն մի քանին յայտնած են, թէ համաձայն չեն Արցախի` Հայաստանի մաս չկազմելու մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիտարկմանը: Առաւել եւս` անոնք չեն հաւատար, թէ Մաքսային միութեան անդամակցիլը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման: «Անհասկնալի յայտարարութիւն է, եւ քանի մը հոգիէ ատոր պատասխանը լսած եմ, որ ինչ որ ըսէր, ճիշդ կ՛ըլլար, միայն թէ Նազարպայեւի մօտ ըսէր, ոչ թէ այնտեղ լռեր եւ այստեղ ըսէր», ըսաւ «Երկիրն այսօր»-ի զրուցակիցներէն մէկը:
«Այնտեղ կայ առնուազն 2 հանգամանք, որոնք շատ կասկածելի են: Նախ`կը նշուի, որ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չի կազմեր թէ՛ օրէնսդրութեամբ, թէ՛ մեր պատկերացումներով: Եթէ օրէնսդրօրէն վերցնենք, ապա կայ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումը, որով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութեան մաս: Իսկ պատկերացումով` կը կարծեմ ամէն հայու պատկերացումին մէջ Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կը կազմէ», նշեց այլ զրուցակից մը:


