Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Արգելակէ «Հարաւային Հոսք»-Ը` Մինչեւ Ուքրանիոյ Նկատմամբ Ռուսիոյ Դիրքորոշումին Փոփոխութիւնը

June 3, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0206Southern-stream«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնը Սոնթակսցայթունկ» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ «Հարաւային հոսք» կազի խողովակաշարի նախագիծը յառաջընթաց պիտի չունենայ, մինչեւ Ռուսիան չփոխէ Ուքրանիոյ քաղաքական ճգնաժամին նկատմամբ իր վերաբերմունքը:

«Մենք պիտի վերականգնենք բանակցութիւնները, երբ ռուսական կողմը դարձեալ սկսի պահպանել միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ պատրաստ ըլլայ կառուցողական համագործակցութեան` մեր ուժանիւթի օրէնսդրութեան հիման վրայ», նշած է Էթինկեր:

Ըստ անոր, «Ուքրանիոյ արեւելքը գրեթէ քաղաքացիական պատերազմի իրավիճակի մէջ է, եւ այն պարագային, երբ Մոսկուա չի ճանչնար Քիեւի կառավարութիւնը, մենք մեր բանակցութիւններուն մէջ վստահաբար ոչ մէկ բանի կրնանք հասնիլ»:

Էթինկեր նախապէս զգուշացուցած էր Մոսկուան Եւրոպայի հարաւ-արեւելքը «Հարաւային հոսք» խողովակաշարը կառուցելու «Կազփրոմ»-ի ծրագիրներուն վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման խստացման մասին:

«Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր իր կարգին յայտարարած էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը չի կրնար կանգնեցնել «Հարաւային հոսք» նախագիծի իրականացումը, եւ դեկտեմբեր 2015-ին ծովային հատուածով առաջին կազը պիտի հասցուի Պուլկարիա:

«Նաւթոկազ Ուքրանիա» Համաձայնագիրի
Նոր Պայմաններ Ներկայացուցած Է
«
Կազփրոմ»-ին

0206NaftogazLenta.ru կը հաղորդէ, որ «Նաւթոկազ Ուքրանիա» ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան լրացուցիչ համաձայնագիրի նախագիծ ներկայացուցած է` առաջարկելով փոխել համաձայնագիրին գինը, ծաւալը եւ բնական կազի մատակարարման պայմանները:

Կ՛առաջարկուի լրացումներ մտցնել 19 յունուար 2009-ին կնքուած համաձայնագիրին մէջ:

Ուքրանիա-Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք անցեալ շաբաթ կողմերը նախապատրաստած էին նոր ծրագիր մը, ըստ որուն «Նաւթոկազ»-ը պէտք է մասնակի կերպով մարէ կազի պարտքը` մինչեւ 29 մայիս:

Մոսկուան յայտարարած էր բանակցութիւնները շարունակելու իր պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսած էր Քիեւի համար հաւանական զեղչերու մասին, եթէ առաջին վճարումը կատարուի ժամանակին:

30 մայիսին Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր յայտարարած էր, որ ուքրանական պարտքին մէկ մասը վճարուած է: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը ստացած էր ռուսական կազի դիմաց «Նաւթոկազ»-ի կողմէ 786 միլիոն տոլարի փոխանցման փաստաթուղթերը:

 

Նախորդը

Նշմար. Հայկական Մանկամսուրը` Հայ Ծնողքին Փրկութեան Լաստը

Յաջորդը

Հնդկաստանի Մէջ 29-րդ Նահանգը Ձեւաւորուած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.