Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Հայկական Մանկամսուրը` Հայ Ծնողքին Փրկութեան Լաստը

June 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0306vaho11 յունիսին զուգադիպող երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէն մէկ օր առաջ ներկայ գտնուեցանք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութեան, որուն ընթացքին 69 հրեշտակներ բեմ բարձրանալով ներկաները փոխադրեցին իրենց երանելի եւ անմեղ աշխարհը` պահ մը մոռցնել տալով առօրեայ կեանքը` իր հեւքով, դժուարութիւններով եւ մտահոգութիւններով: Այս իմաստով բուժական եղող հանդէսի աւարտին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ իրաւամբ ընդգծեց հայկական վարժարանի մէջ գործող մանկամսուրներու կարեւորութիւնը:

Մանկամսուրներու գոյութիւնը ներկայիս փրկութեան լաստ մըն է  ծնողներուն համար, որոնք արդի կեանքի պայմաններուն բերմամբ ստիպուած են աշխատիլ իրենց ընտանիքին ծախսերը հոգալու համար: Ստեղծուած կացութեան մէջ հայկական վարժարաններու մէջ մանկամսուրներու գոյութիւնը յատուկ նշանակութիւն մը ունի հայ ծնողներու այն մեծամասնութեան մօտ, որոնք ի տարբերութիւն իրենց պարտաւորութիւնը սպասուհիներու ուսերուն բեռցնողներուն, իրենց զաւակներուն հոգատարութեան նկատմամբ պատասխանատու եւ լուրջ վերաբերմունք ունին, ինչպէս նաեւ իրենց զաւկին հայ ինքնութեան կազմաւորման նկատմամբ նախանձախնդիր են:

Աստուածատուր զաւակներու խնամքը ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար երբ անոնք հազիւ 2-3 տարեկան են, մեծ պատասխանատուութիւն մըն է, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ կրօնական գետնի վրայ: Պայմաններու բերմամբ այդ պատասխանատուութենէն մաս մը կարելի է զիջիլ միայն հարազատին` այս պարագային հայկական վարժարանին, որ վստահելի է եւ կրնայ ապահովել անոնց հոգատարութեան տարբեր երեսները:

Հայկական վարժարաններուն մաս կազմող մանկամսուրները ոչ միայն այդ հիմնական պահանջները կը բաւարարեն, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան բնական միջավայրեր են: Կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ այսպիսի մանկամսուրներու գոյութիւնը հրամայական մըն է եւ այլընտրանքներ կ՛ապահովէ հայ ծնողներուն, որոնք ըստ յարմարութեան, կրնան ընտրել մէկը կամ միւսը` իրենց երեխաները հեռու պահելով շահադիտական նպատակներով սունկի պէս բուսած անձնական մանկամսուրներէն, որոնց մէջ խնամքին մասին երբեմն ժխտական պատմութիւններ կը լսենք:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ու «Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթները

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Արգելակէ «Հարաւային Հոսք»-Ը` Մինչեւ Ուքրանիոյ Նկատմամբ Ռուսիոյ Դիրքորոշումին Փոփոխութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.