Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով)

July 6, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց Սահմանադրութեան օրը: Սահմանադիր իշխանութիւնը երկրի պետական համակարգի գլխաւոր բաղադրիչներէն է, որուն գործառոյթները, լիազօրութիւնները իբրեւ դատական ոլորտ` յստակօրէն  տարանջատուած են  օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններէն: Իբրեւ կանոն` Սահմանադրական դատարանը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութիւնը իրաւական ուղղութիւններով վերահսկող հիմնական օղակ է, որուն դատելու եղանակը, նշումներն ու որոշումները հիմնական որոշիչ են երկրի պետական կառոյցներու եւ հասարակութեան գործունէութեան:

Այս տարանջատումը հիմնական ուղղորդող նշանակութիւն ունի: Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով քաղաքական գործընթացներու ազդեցութիւնը պէտք չէ կրէ: Այլապէս, իմաստազրկուած կ՛ըլլայ անոր դերակատարութիւնը` պետական կառոյցներու գործունէութեան վերահսկելու եւ պետական շահերու շրջագիծը յստակ եւ անհատելի պահելու  առումով: Իրաւական պետութեան ձեւաւորման ու կայացման յենասիւնն է անիկա, որուն նկատմամբ պատուէրային մօտեցումներու փորձերը բացառման կարգով պէտք է կանխարգիլել:

Սահմանադրական դատարանի գործունէութիւնը ոչ միայն սփիւռքահայուն, այլ նաեւ հայրենաբնակ քաղաքացիին առօրեայ տեսադաշտին մէջ երեւելի չէ: Սփիւռքահայուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մասին խօսք եղաւ ամէն անգամ, որ յիշուեցաւ առաջին իշխանութիւններուն կողմէ դրուած երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունման սահմանադրական արգելքին, յետոյ`  այդ արգելքը հանրաքուէով հանելու անհրաժեշտութեան մասին: Սահմանադրական այս հարցը եւս ստացաւ քաղաքական գունաւորում, առաջինի պարագային արգելակելու մօտեցումով, երկրորդի պարագային սակայն, քաղաքական նպատակներէ մեկնած արգելակումը ջնջելու ծրագիրով:

Սահմանադրութեան մասին քննարկումները թէժ բնոյթ ստացան, երբ սահմանադրագէտները սկսան արծարծել Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը: Այստեղ ի յայտ եկաւ սահմանադրութեան վերահսկողական գործառոյթը, հակապետական որեւէ գործառոյթի նկատմամբ անհրաժեշտ վերապահութիւններ յայտնելու դերակատարութիւնը կամ առհասարակ պետութեան շահերուն հակասող որեւէ նախաձեռնութիւն կանխելու լիազօրութիւնը:

Այդպէս եղաւ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու վաւերացման համար դէպի Ազգային ժողով թղթածրարի յղման նախօրեակին Սահմանադրական դատարանի տուած որոշումը , որ միջազգային թէ  պետական օրէնքներու նկատառումով ձեւակերպեց այն բոլոր վերապահութիւնները, զորս անհրաժեշտաբար պարտէին նկատի ունենալ գործադիր իշխանութիւնները: Արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը հաստատելով հանդերձ:

Սահմանադրական դատարանի ճշդած վերապահութիւններու բովանդակութիւնը համահունչ էր քաղաքական գործընթացի այդ օրերու ապրած որոշակի տեղատուութեան: Մինչ այդ, սակայն, հանրապետութեան նախագահի համահայկական ուղեւորութեան ընկերակցող Սահմանադրական դատարանի նախագահը սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին վերապահութիւններու մասին ակնարկութիւններ չէր կատարեր: Կը խօսէր առաւելաբար արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան մասին:

Քաղաքական կառոյցներէն ըստ էութեան տարանջատուած մնալը հիմնարար առաջադրանք է սահմանադրական գործունէութեան համար: Հայաստանի քաղաքացիին կամ սփիւռքահայուն համար սահմանադրական հարցերու մասին տեղեկացուածութիւնը կարեւոր է դէպի իրաւական պետութիւն մեր քայլերը ուղղորդելու:

Նախորդը

ԹԻՖԼԻՍ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՐԺԷՔԻՆ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.