
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթիան Երեւանի մէջ ընթացող Եւրոպական Միութեան ընդլայնման 10-րդ տարեդարձին նուիրուած հանրային քննարկումին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութիւնը ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար, ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար: Տագնապը պէտք է լուծուի այս ծիրին մէջ:
Դեսպանը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մշտապէս ջանքեր կը թափէ, կը փորձէ ստեղծել վստահութիւն ներշնչող պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն տագնապի լուծման: «Սակայն բուն լուծումին հոլովոյթը վերապահուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Զինադադարի հաստատումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը զբաղի տագնապի լուծման հարցով, եւ խնդիրին լուծումը այդ կառոյցի ծիրին մէջ պէտք է ըլլայ», ըսած է դեսպանը:
Քննարկման ներկայ եղած Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անրի Ռենոն իր կարգին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը սատարէ Մինսքի խմբակի քայլերուն` տագնապը լուծելու ուղղութեամբ եւ բազմիցս յայտարարած է, որ տագնապի լուծումը Մինսքի խմբակի ձեւաչափով պէտք է ըլլայ:
Հրիսթիա. «Հոլլանտի Յայտարարութիւնը
Պատշաճօրէն Պիտի Լսուի Ամէնուր»
Եւրոպական Միութեան դեսպանին գնահատումով, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յայտարարութիւնը ուժեղ ու համոզիչ էր Հայաստանի համար եւ պատշաճօրէն պիտի լսուի ամէնուր:
«Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան, ապա միացեալ պարտաւորութիւնները տակաւին կ՛իրականացնենք եւ իբրեւ երկկողմանի համագործակցութեան անկիւնաքար Վիլնիւսի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը պէտք է իրականացնենք միասին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այժմ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իրականացնել Վիլնիսեան թղթածրարը, եւ ասիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան սպասող աշխատանքն է, որ պէտք է իրականացնել:
«Կայ երկկողմանի համաձայնագիր, որ ստորագրուած եւ իրաւականօրէն պարտադիր է կողմերուն համար: Նախ պէտք է յստակացնենք իրաւական շրջանակը, որմէ ետք կ՛անցնինք գործողութիւններու ծրագիրին», ըսած է դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած էր, որ Հայաստանին անհրաժեշտ են իւրայատուկ պայմաններ` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համար:


