
«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցերը, որովհետեւ «Կուտակային կենսաթոշակային համակարգի մասին» փոխուած օրինագիծին մէջ իրենց պահանջները չեն բաւարարուած: Այս մասին «Մետիա» կեդրոնին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց նախաձեռնութեան անդամներէն Տիգրան Մարտիրոսեան` նշելով, որ տակաւին որոշուած չէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով պիտի ըլլան ցոյցերը: «Կարծես թէ կառավարութիւնը այս քայլով ցոյց կու տայ, որ նախորդ կառավարութեան ձախողած քաղաքականութիւնը առաջ պիտի տանի», ըսաւ ան: Անդրադառնալով փոխուած օրինագիծի բացերուն` նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Խաժակեան յայտնեց, որ ասիկա ձեռքբերում է, յառաջընթաց է, սակայն կան բազմաթիւ վերապահութիւններ, որոնք խնդիրներ կը յառաջացնեն: «Մասնաւորաբար` կ՛ըսուի, որ քաղաքացիները պէտք է դիմումներ գրեն, որպէսզի հրաժարին այդ համակարգին մասնակցութենէն, ատիկա անտրամաբանական է: Այսինքն` եթէ 80 առ հարիւրը դէմ է, ինչո՞ւ ան գրէ, փոխարէնը եթէ կրնայ ատիկա 20 առ հարիւրը գրել եւ միանալ համակարգին»: Խօսելով այն գումարներուն մասին, որ կառավարութիւնը պէտք է փոխանցէ հիմնադրամներուն, Խաժակեան նշեց, որ այդ եղանակով կառավարութիւնը կը լուծէ գումարները հիմնադրամներուն փոխանցելու խնդիրը, ինչ որ Սահմանադրական դատարանը վիճելի դարձուցած էր` նշելով, որ Կեդրոնական դրամատան դերը չարաշահուած է: «Ատիկա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը գործի կը դնէ համակարգ մը, որ Սահմանադրական դատարանը արդէն իսկ հակասահմանադրական ճանչցած է: Այսինքն` մենք այսքան ժամանակ պայքարած ենք պարտադիրին դէմ, կը պարզուի, որ անձի մասնակցութիւնը համակարգին դարձած է կամաւոր, բայց համակարգը մնացած է պարտադիր»: Ան նոյնպէս ընդգծեց, որ պայքարը պէտք է շարունակուի, որպէսզի օրինագիծին մէջ առկայ վիճայարոյց կէտերը եւս շտկուին:


