Զուիցերիացի քուէարկողները երէկ հանրաքուէի մը ընթացքին մերժեցին աշխարհի ամէնէն բարձր նուազագոյն աշխատավարձը որդեգրելու առաջարկ մը, ըստ որուն, գործատէրերը պիտի ստիպուին աշխատաւորներուն ժամական առնուազն 22 զուիցերիական ֆրանք(25 տոլար) վճարել:
Առաջարկին կողմնակիցները յայտնեցին, որ այդ գումարը պատշաճ կեանքի ապահովման համար կարեւոր է, սակայն քննադատներ առարկեցին, որ ատոր որդեգրումը արտադրածախսերը պիտի բարձրացնէ եւ գործազրկութեան համեմատութեան մագլցում յառաջացնէ: Առաջարկին կողմնակիցները նաեւ կը պնդէին, որ առաջարկը «արդար վարձատրութիւնը պիտի պաշտպանէ», սակայն Զուիցերիոյ գործառնութեան դաշնակցութիւնը յայտնեց, որ ատիկա մասնաւորաբար ցած աշխատավարձ ստացողներուն վնաս պիտի պատճառէ:
Ըստ գրեթէ վերջնական արդիւնքներու, քուէարկողներուն 77 առ հարիւրը մերժած է նուազագոյն ամսականի առաջարկը:
Հանրաքուէի ընթացքին քուէարկողները նաեւ արտայայտուեցան այլ հարցերու մասին, ինչպէս` Զուիցերիոյ օդուժին համար շուէտական 22 «Կրիփըն» տիպի կործանիչներ գնելու շուրջ: Ըստ նախնական տուեալներու, քուէարկողներուն 54 առ հարիւրը մերժած է այս առաջարկը:
Վերջին արդիւնքները նաեւ ցոյց տուին, որ քուէարկողներուն երկու երրորդը թեր արտայայտուած է մանկապիղծերուն մանուկներու հետ գործ ունենալը ցկեանս արգիլելու գաղափարին:
Սակայն հանրաքուէի գլխաւոր եւ հրատապ նիւթը աշխատաւորական համադաշնակցութեանց աջակցութիւնը վայելող առաջարկն էր, ըստ որուն, քաղաքացիներուն նուազագոյն տարեկան աշխատավարձը 53,600 տոլարէն պակաս պէտք չէ ըլլայ:


