
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի առաջարկած է փոխել Տնեփր գետի հունն ու այդ ձեւով պատժել Ուքրանիան` Խրիմի ջրամատակարարումը դադրեցնելուն համար:
Ժիրինովսքի այդ յայտարարութիւնը կատարած է, երբ կ՛այցելէր Սմոլենսք, որ կը գտնուի Տնեփրի մօտ:
Ըստ անոր, գետի հունին փոփոխութիւնը ջուրէ պիտի զրկէ Ուքրանիան: Ժիրինովսքիի համաձայն, Մոսկուայի գիտնականները արդէն կը զբաղին այդ նախագիծով:
Սմոլենսքի նահանգապետը իր կարգին նշած է, որ եթէ իշխանութիւնները այդպիսի որոշում մը տան, պիտի աջակցի այդ ծրագիրի իրագործման:


