Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արեւմտեան Եւրոպայէն Հնչած Ձայնը. «Թէ՛ – Թէ՛»-ն Պէտք Է Աշխատի

May 14, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6347_bՊետական այցով Երեւան ժամանած Ֆրանսայի նախագահին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները ընդհանուր մէկ խորապատկերի վրայ դիտարկելով կարելի է որոշ հետեւութիւններ ընել արցախեան հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման ուղղութեամբ Փարիզի դիրքորոշումին, ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին եւ յայտարարուած առաջադրանքին մասին:

Այս բոլորին մէջ պէտք է առանձնացնել նախագահ Հոլլանտի յայտարարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող: Մանաւանդ ըմբռնելի նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան` Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը:

Նախ մէջբերենք Ֆրանսայի նախագահին երեք առիթներով այս մասին կատարած յայտարարութիւններու ամփոփումը:

«Հայաստանի համար կարելի է գտնել խելամիտ ձեւ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու համար: Յատուկ ձեւ Հայաստանի համար: Եւրոպան պէտք է Հայաստանի հետ ընկերակցելու համաձայնագիր ընդունի: Հայաստանը կրնայ երթալ Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութիւն, ես ատոր մէջ խնդիր չեմ տեսներ.- Կարելի է համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ` չհրաժարելով Մաքսային միութենէն: Մենք պէտք է աշխատինք ատոր շուրջ»:

Փորձենք մեկնաբանել. Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարելի է գտնել իւրայատուկ ձեւաչափ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան պայմանագիրը կնքելու համար: Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը  արգելք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցի: Եւրոպական Միութիւնը ի՛նք է, որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւ պէտք է գտնէ  իրականացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցումը: Իսկ ա՛յս առաջադրանքին համար «մենք»-ը կրնար նշանակել թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, բայց այս պարագային առաւելաբար Եւրոպական Միութիւնը, քանի որ խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափը գտնելու առաջարկը կը վերաբերի Պրիւքսէլին:

Ուրեմն. Եւրոպական Միութիւնը ղեկավարող հիմնական գերուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը կ՛առաջադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերակցումը Եւրոպական Միութեան: Եւ երբ կը յստակացնէ նաեւ, որ Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան  որոշումը խոչընդոտ չէ այս գործընթացին համար, խորքին մէջ կը ջրէ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի պատասխանատուներուն ա՛յն յայտարարութիւնները, որոնք ընկերակցութեան պայմանագիրը կ՛ընկալէին տնտեսական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները ճշդող իբրեւ մէկ համապարփակ փաստաթուղթ եւ որոնք կը ճշդէին, որ Մաքսային միութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը անհամատեղելի են եւ թէ Մաքսային միութեան ճամբան ընտրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար միաժամանակ ընկերակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ:

Այսպիսով սակայն, հող կը շահի Պրիւքսէլի ճամբան Արեւմտեան Եւրոպայէն եւ ոչ թէ Արեւելեանէն տեսնող քաղաքական վարկածը: Փաստօրէն Եւրոպական Միութեան համեմատաբար ուշ անդամակցած Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու շրջանակներուն մօտ առկայ հակառուս տրամադրութիւնները յանգեցուցած էին Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ղեկավարներուն բացարձակացնելու ընկերակցութեան պայմանները «կամ-կամ»-ի տեսութիւնը առաջ քշելով:

Իրաւացի էր Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրանեսթի օրուան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, երբ կը շեշտէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  դէպի Եւրոպա համարկումը պէտք է անցնի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներէն, որոնք ճշդած ու ամրագրած են եւրոպական չափանիշերը եւ կը շարունակեն գծել Եւրոպայի աշխարհագրա-քաղաքական սահմանները:

Եւրոպական Միութիւնը ղեկավարող գլխաւոր ուժերէն մէկուն ներկայացուցիչը պարտաւորութիւնը կը դնէ Պրիւքսէլի ուսերուն: Պրիւքսէլն է, որ նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ պէտք է ճշդէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որպէսզի անիկա կարենայ ընկերակցիլ իրեն հետ:

Հետագայ իրադրութիւնները անշուշտ որոշիչ դեր կ՛ունենան այս նոր ձեւաչափի կայացման կամ չկայացման մէջ: Այժմ պարզ է, որ Հոլլանտը  կ՛առաջադրէ «թէ՛-թէ՛»-ին կամ «ե՛ւ-ե՛ւ»-ին աշխատիլը: Որուն համար ալ Եւրոպական Միութեան  կը յանձնարարէ պատրաստել նոր, խելամիտ եւ յատուկ ձեւաչափ մը:

Նախորդը

Հոլլանտ Անգամ Մը Եւս Շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Ֆերտինանտ Պիտի Լքէ Մանչեսթըր Եունայթըտը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.