
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն շեշտեց, որ 25 մայիսը ուրիշ օր մըն է, որուն նմանը 47 տարիէ ի վեր չէ եղած, հետեւաբար ուրախութեամբ կը սպասէ այդ օրուան, առանց պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հետ որեւէ կապ ունենալու:
Նախագահ Սլէյման առաւօտեան ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող զարգացումները:
Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ պէտք է նախագահական ընտրութիւնը կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ընտրութենէն բացի այլ ելք չկայ:
«Նախագահական աթոռի թափուր մնալը կը հարուածէ երկրին Ազգային ուխտով պարտադրուած տարազը եւ կը խախտէ ազգային գործակցութեան պատկերը` յատկապէս իշխանութիւններուն միջեւ: Այս պատճառով է, որ պէտք է խուսափիլ նախագահական աթոռը թափուր պահելէ եւ ամրապնդել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերը հարուածներու չենթարկուին եւ անոր ապահովական կայունութեան վտանգ չսպառնայ», ըսաւ Ժեմայէլ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահտ, որոնք ներկայ գտնուեցան Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի անդամ դատաւոր Անթոնի Իսայի երդման արարողութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ կառոյցին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին, երեսփոխան Զիատ Քատիրին եւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմը:


