Նախորդ շաբաթավերջին Պելօ Հորիզոնթէի մէջ (Պրազիլ) աւարտեցաւ վոլիպոլի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ռուսական Պելոկորի Պելկորոտի եւ քաթարեան Ռայանի միջեւ:
Ռուսական ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ 3-1 արդիւնքով (16-25, 25-21, 25-21 եւ 25-15) պարտութեան մատնեց Ռայանը:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած ռուսական ակումբին մաս կը կազմէր Խաչատուր Ստեփանեան, որ բաւական լաւ ներկայացումներ կատարեց Պրազիլի մէջ:


