Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուորլիքի Յայտարարութեան Մէջ Ղարաբաղը Անտեսուած Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

May 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0705Giro-ManoyanՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Ճէյմս Ուորլիքի ըսածներուն մէջ նոր բան չկայ, յուլիս 2009-էն համանախագահող երկիրներու նախագահները ամէն տարի կը հրապարակեն երեք սկզբունքներ` խաղաղ կառավարում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք:

«Նորութիւնը այն շեշտադրումն է, որ կու տայ ամերիկացի համանախագահողը Արցախի կարգավիճակի հարցին` իբրեւ հիմնական խնդիր: Դրական բան չկայ այդ յայտարարութեան մէջ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է, որ հիմնական սկզբունքներուն հետ հարցեր չունի, սակայն հարցը սկզբունքներու հիման վրայ առաջարկուող տարրերն են, երբ կ՛անտեսուի այն հանգամանքը, որ 1988-էն ետք Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծած է, պարտուած է, եւ իրավիճակը հիմնովին փոխուած, եւ եթէ 1988-ին առաջարկուէր  նման լուծում, կը կարծեմ, հայկական կողմը կը համաձայնէր, բայց հիմա նման լուծում անընդունելի է, որովհետեւ կարծես` նպատակ կը հետապնդեն պատերազմ սանձազերծած եւ պարտուած Ազրպէյճանին հատուցել», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ան նշեց, որ Ուորլիքի յայտարարութիւնը կարծես Ազրպէյճանի պատասխանը ըլլայ, որովհետեւ Ազրպէյճանն է, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ կ՛անտեսէ Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրին հիմնական էութիւն ըլլալու հանգամանքը: Յայտարարութեան մէջ բացթողում է նաեւ այն, որ Ղարաբաղը ամբողջութեամբ անտեսուած է, քանի որ զինադադարը ստորագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչին կողմէ, որ այսօր չկայ բանակցութիւններուն մէջ, եւ յայտարարութեան մէջ նոյնպէս անտեսուած է: «Կ՛անտեսէ նոյնիսկ Ղարաբաղի ժողովուրդը, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանի ու Հայաստանի ժողովուրդներուն եւ ոչ թէ Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ անոր, ամերիկացիները կը փորձեն որոշ չափով աշխուժացնել հոլովոյթը, սակայն կան բացթողումներ` յատկապէս Ղարաբաղի անտեսումը:

Ըստ Մանոյեանի, պարտադիր չէ, որ Ազրպէյճան համաձայն գտնուի, որպէսզի հարցը լուծուի: «Միջազգային փորձառութիւնը ցոյց տուած  է, որ նաեւ կարելի է երթալ այլ ճամբով, այս պարագային` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ճամբով եւ այդ ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք աշխատիլ», եզրակացուց ան:

 

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Կանոնադրութեան Յանձնախումբը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

Ուորլիք Կը Ներկայացնէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մաս Կազմելիք Վեց Տարրեր

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.