
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Նշենք, որ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:


