Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

July 2, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Որքան ալ մեր իշխանաւորները յամառին եւ փորձեն ժամանակ շահիլ, միեւնոյնն է, անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի կանգնին արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու հարկադրանքին առջեւ», Ազատութեան հրապարակին վրայ նախանցեալ օր յայտարարեց ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Հայաստանի առաջին նախագահը ընդգծեց, որ բռնապետութիւնները ընդհանրապէս եթէ կարելիութիւն ունենային, ո՛չ արտակարգ եւ ո՛չ ալ հերթական ընտրութիւն կը կատարէին: Բայց, ըստ անոր, բարեբախտաբար ամէն ինչ անոնց կամքէն կախեալ չէ եւ պիտի գայ այն պահը, ինչպէս օրինակ եղաւ արաբական երկիրներուն մէջ, երբ բռնապետութիւնները հարկադրուած կ՛ըլլան արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու: Ան շեշտեց, որ Հայաստան այժմ այդպիսի վիճակի մէջ կը գտնուի:

«Վերջին շրջանին իշխանութեան ներկայացուցիչները թութակի պէս աջուձախ կը կրկնեն, թէ Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու հիմքեր չկան: Այսինքն` 2008 թուականին կեղծուած նախագահական ընտրութիւնը հիմք չէ, 1 մարտի սպանդը հիմք չէ, հարիւրաւոր քաղաքական գործիչներու բանտարկութիւնը հիմք չէ, հիմք չեն նաեւ` Ազգային ժողովի զերօ վարկանիշը, ընկերային-տնտեսական խորագոյն ճգնաժամը, համատարած փտածութիւնը, աղէտալի չափերու հասած արտագաղթը, խելայեղ գնաճը, ղարաբաղեան տագնապի բարդացումը եւ այլն: Ուրիշ ի՞նչ հիմք պէտք է արտակարգ ընտրութիւններուն եւ իշխանափոխութեան համար, երբ քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ անոնք տեղի կ՛ունենան թուարկուածներուն համեմատ շատ աւելի երկրորդական խնդիրներու պատճառով», յայտարարեց ան:

Ան պնդեց, որ իշխող վարչախումբը մինչեւ այսօր կորսնցուցած է Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտի առողջացման, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ սեփական դիրքերու ամրապնդման երկու պատեհութիւն` մէկը 9 ապրիլ 2008-ին, Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութեան օրը, միւսը` 3 մարտ 2009-ին, տնտեսական ճգնաժամի կիզակէտը խորհրդանշող դրամի փոխարժէքի գահավիժման պահուն: Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշեց, որ կորսնցնել նաեւ ներկայ պատեհութիւնը կը նշանակէ սպառել Հայաստանի արժանապատիւ ապագայի կերտման վերջին յոյսը: Ան մաղթեց, որ ողջախոհութիւնը գոնէ այս անգամ չդաւաճանէ վարչախումբի պարագլուխներուն եւ յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին անոնք վերջնականապէս կողմնորոշուին արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու օգտին:

«Հակառակ պարագային, ողջամիտ կոչուած ժամկէտը սեպտեմբերին սպառած պիտի նկատուի եւ մեր օրակարգին վրայ պիտի մնայ ընդամէնը մէկ պահանջ, այն է` Սերժ Սարգսեանի եւ իշխող համաձայնական կառավարութեան անվերապահ հրաժարականը», յայտարարեց Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդը:

 

 

Նախորդը

«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԺԻՒՓԷ

Յաջորդը

«ԻՐԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՃԱՆԻ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.