ՀՌՈՄԻ Ֆրանչիսկոս պապը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը անդամ նշանակեց Մշակոյթի պապական խորհուրդի կազմին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի այսօր կը մեկնի Սէուտական Արաբիա` խորհրդակցութիւններ ունենալու համար երկրի գահաժառանգ Մուքրեն Պըն Ապտել Ազիզ իշխանին եւ հոն գտնուող լիբանանցի ղեկավարներու հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ առաջարկեց խորհրդարանի նստավայրն ու ժողովավայրը Նըժմէ հրապարակէն փոխադրել այլ շրջան մը` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին մէջ իւրաքանչիւր նիստի գումարման ընթացքին մերձակայ վաճառատուները կը փակուին, ինչ որ կ՛անդամալուծէ Պէյրութի կեդրոնական շրջանը:


