«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են մօտ ապագային երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպման կարելիութիւնները: Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «3 ապրիլին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Մինսքի խմբակի համանախագահները` Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) 4 ապրիլին հանդիպած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ: Ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք:
Համանախագահները վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատելու իրենց յանձնառութիւնը: Անոնք քննարկած են նախագահներու մակարդակով ապագային հանդիպում մը կայացնելու կարելիութիւնները, եւ հիմնական հարցերուն առնչութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը», նշուած է համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:


