Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նախարարները համաձայնեցան ԱՊՀ-ի գործունէութեան տարբեր մարզերուն առնչուող տասնեակ փաստաթուղթերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԱՊՀ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով խորհրդակցութիւններու կայացման եւ անոնց արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական մարզին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման եւ միջազգային կառոյցներու մէջ գործակցութեան: Հաստատուեցաւ 2014 թուականի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:
Նիստին օրակարգին վրայ կը գտնուէր Պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին ներկայացուելիք յայտարարութեան նախագիծը` թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ:
ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ շահագրգիռ պետութիւններու միջեւ պաշտպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման եւ իրաւապահ մարմիններու համագործակցութեան կատարելագործման նպատակով` արտաքին գործոց նախարարները պատրաստած էին համապատասխան փաստաթուղթերու նախագիծերը:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն տրուեցաւ 2016 թուականը ԱՊՀ-ի մէջ կրթութեան տարի հռչակելու մասին:


