
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին համամասնական ընտրական օրինագիծը ձախողութիւն արձանագրած է:
Ան մաղթեց, որ խորհրդարանը կառավարութեան առաջարկած ընտրական օրինագիծը քննարկէ եւ ապա որոշէ զայն մերժել թէ վաւերացնել:
Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանան ունենայ արդիական ընտրական օրէնք մը, որ լիբանանցի ժողովուրդին տարբեր շերտերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Բ. Աֆրամ նորընտիր պատրիարքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած առաքելութեան առիթով:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ մարդասիրական հարցերու եւ շտապ իրավիճակներու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Վալերի Ամոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, յատկապէս անոր առողջապահական եւ կրթական երեսները:


