
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ջուրի, ելեկտրականութեան, քարիւղի եւ կոյուղիներու մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Նախարարութեան կեդրոն այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրինա Պուրան:
Քննարկուեցաւ Պըտտաուիի ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքը բարելաւելու ծրագիրին գործադրութեան յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:
Ա. Նազարեան ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցեր:


