Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ

June 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է հայկական կողմին հետ առանց որեւէ նախապայմանի բանակցելու:

Օրաթերթը կը գրէ, որ Քըլըճտարօղլու եւ կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութիւրք ժամանակ մը առաջ հայ, ամերիկացի եւ թուրք լրագրողներու հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին թուրք ընդդիմադիրները խօսած են շարք մը հարցերու մասին, որոնց շարքին` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին:

Պատասխանելով ամերիկացի լրագրողի մը այն նշումին, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան մօտեցումը չի տարբերիր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան այդ հարցին մէջ որդեգրած քաղաքականութենէն, որովհետեւ երկուքն ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար իբրեւ նախապայման կը նշեն հայկական զօրքերու Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացման հարցը, Քըլըճտարօղլու ըսած է. «Մենք պատրաստ ենք հայերուն հետ առանց նախապայմաններու բանակցելու»: Ան ընդգծած է, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ինք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ համաձայն է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ունեցած դիրքորոշումին:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Օսման Քորութիւրք իր կարգին հաստատած է, որ իրենք ղարաբաղեան հիմնախնդիրը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին նախապայման չեն նկատեր: «Մեր ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ մենք զօրքերու հաւանական հեռացումը կը նկատենք իբրեւ բարի կամեցողութեան քայլ եւ ոչ թէ նախապայման», ըսած է ան:

Նշենք, որ հայ, ամերիկացի եւ թուրք լրագրողները հանդիպում ունեցած էին նաեւ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի հետ:

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ՍԱՄՊՕ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՔԱՐԱՔԱՍ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։