
«Եւրասիա-Ինֆորմ» Միասնական լրատուավերլուծական կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Վլատիմիր Պուքարսքի ազրպէյճանական Vestioaz կայքին յայտնած է. «Ռուսիա կը փափաքի, որ Մաքսային միութեան անդամակցին թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը»: Ըստ փորձագէտին, այս պահու դրութեամբ Հայաստան աւելի վճռական քայլ կատարած է այդ ուղղութեամբ:
«Հետեւաբար, պիտի աճի նաեւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը Հայաստանին, ներառեալ` նաեւ ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ», ըսած է ան:
Հայաստանի Մաքսային միութեան համարկման լոյսին տակ անդրադառնալով Ղարաբաղի` Պուքարսքի նշած է, որ Ղարաբաղի տարածքը Մաքսային միութեան կազմին մէջ պիտի չըլլայ, որովհետեւ տագնապը տակաւին չէ լուծուած: «Բայց եւ այնպէս, հաւանական է, որ Մաքսային միութեան ծիրին մէջ Ղարաբաղի համար որոշ տնտեսական դրութիւն ստեղծուի: Ռուսիան Ազրպէյճանին պիտի չպարտադրէ Մաքսային միութեան անդամակցիլ, սակայն բնականաբար, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտուրի դրութիւնը պիտի փոխուի, եթէ Պաքուն հրաժարի մասնակցիլ համարկումի միաւորման: Ռուսիա բաւական շատ տնտեսական յաղթաթուղթեր ունի` Ռուսիոյ ազրպէյճանական ապրանքներու արտածման վերահսկողութեան խստացումէն մինչեւ անօրինական ներգաղթեալներու արտաքսում: Սակայն Ռուսիոյ ձեռքը եղող գլխաւոր յաղթաթուղթը Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանին աջակցութիւնն է», ըսած է ան:


