ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ բանակը կատարեց ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալուեցան շարք մը յանցագործներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Հըզպալլա հանրապետութեան նախագահին դէմ ցեխարձակումներ կատարած է, որովհետեւ անոր համար փոքր պետութիւնը իսկական պետութենէն աւելի հզօր պէտք է ըլլայ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ժամանակն է հիմնելու օրէնքի եւ յարգանքի պետութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը սպասեն Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանելիք խօսքին` անոր հիման վրայ ճշդելու համար իրենց վերջնական կեցուածքը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պապին կամ պատրիարքի մը ընտրութեան համազօր է, հետեւաբար անկարելի է արտօնել, որ երկիրը անիշխան մնայ:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Պաաս» օրաթերթը նշեց, որ շրջանին դիմագրաւած զգայուն այս կացութեան շրջագիծին մէջ «փայտեայ տարազներ»-ը Լիբանանի համար հիանալի եւ հրաշալի յաղթանակներ ապահոված են:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Եարմուքի մէջ Հըզպալլայի կողմէ պաղեստինցիներուն սպանութիւնը կրնայ Լիբանանի հրկիզումին պատճառ դառնալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հասցէին Հըզպալլայի կատարած յայտարարութիւնը վտանգաւոր է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրին, թէ ինք պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա: Զօր. Աուն յայտնեց, որ եթէ այդ մասին ինք չէ յայտարարած, ուրեմն ինք պատասխանատու չէ նման լուրերու տարածումին:
ԸՍՏ տեղեկատուական աղբիւրներու, Պաալպեքի մէջ Հըզպալլայի հակակշիռին տակ գտնուող ընդարձակ տարածք մը կ՛օգտագործուի իբրեւ էջուղի իր տրամադրութեան տակ գտնուող առանց օդաչուի գործող հետախուզական օդանաւերուն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ վստահութեան քուէն չստանալու պարագային, նախարարաց նորակազմ խորհուրդը 13 օր ետք պիտի վերածուի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան:


