
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար մարաջախտ Ապտելֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ «Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու մեծամասնութեան պահանջը չեմ կրնար անտեսել»:
Ան յայտարարեց, որ «նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու պաշտօնական միջոցառումները պիտի կատարուին յառաջիկայ օրերուն»:
Զօր. Սիսի ըսաւ, որ «հայրենիքը կ՛անցնի դժուար պայմաններէ, որոնք ժողովուրդի, բանակի եւ ոստիկանութեան միասնականութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ այսպիսի պայմաններու մէջ ոեւէ անձ առանձին չի կրնար երկիրը ոտքի կանգնեցնել»:
Համաս Կը Դատապարտէ Եգիպտական
Դատարանի Որոշումը
Պաղեստինեան Համաս շարժումը երէկ դատապարտեց Եգիպտոսի մէջ անմիջական հարցերու դատարանի` երկրին մէջ Համասի գործունէութիւնը արգիլող եւ գրասենեակները փակելու որոշումը:
Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզզաթ Ռաշք յայտնեց, որ եգիպտական դատարանին կողմէ Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու հայցի մը քննարկել ընդունիլը Իսրայէլի մատուցուած ձրի ծառայութիւն մըն է եւ պսակումը եգիպտական մամուլին ու կարգ մը քաղաքագէտներու սկսած արշաւին:
Ան նշեց, որ Եգիպտոսի մէջ Համասը «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» յայտարարելը վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Կազայի շրջափակման հարցին վրայ եւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ յարձակումի մը ճամբան կը հարթէ:
Ան նաեւ ըսաւ, որ այդ որոշումը պաղեստինեան դատէն ձերբազատելու համար պաղեստինցի ժողովուրդի թշնամիներուն յաւելեալ աջակցութիւն կը տրամադրէ եւ անընդունելի կերպով կը համընկնի Իսրայէլի ծրագիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի դիմադրութիւնը քրէականացնող ու պաղեստինեան դատը լուծարող ծրագիրին հետ:


