Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՔՈՄԵՐՍԱՆԹ»Ի. ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԻԱՍԹԱՓԱԾ Է ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔԷՆ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐԷՆ

June 28, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ այնքան հիասթափած է Քազանի վեհաժողովի արդիւնքներէն, որ պատրաստ է իր միջնորդական առաքելութիւնը դադրեցնելու: Օրաթերթը կը նշէ, որ Մետվետեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ յաջորդ հանդիպումը կրնայ կազմակերպել միայն այն պայմանով, որ անոնք ստորագրեն լուծման հիմնարար սկզբունքներու մասին փաստաթուղթը:

«Քոմերսանթ» կը նշէ, որ Քազանի վեհաժողովը ապարդիւն անցաւ` հակառակ միջազգային աննախադէպ ճնշումին, երբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն անձամբ հեռաձայնեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, որպէսզի զանոնք տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու փաստաթուղթը ստորագրելու համոզեն:

«Հակառակ անոր որ Պաքու եւ Երեւան կը յայտարարեն, որ պատրաստ են շարունակելու բանակցութիւնները, սակայն անոնց միջեւ երկխօսութեան հարցը քազանեան վեհաժողովի տապալումէն ետք հարցականի տակ է», կը նշէ օրաթերթը` վկայակոչելով բանակցային հոլովոյթին մասնակցող աղբիւր մը` աւելցնելով, որ Քազանի մէջ անսպասելիօրէն կողմերուն միջեւ ի յայտ եկան տարակարծութիւններ, զորս միջնորդները շատոնց լուծուած կը նկատէին:

«Այնտեղ կան նաեւ թեքնիք, ինչպէս նաեւ էական բնոյթի հարցեր, օրինակ` Լեռնային Ղարաբաղի հետագայ կարգավիճակի որոշումը: Սակայն խնդիրը նոյնիսկ ոչ այնքան տարակարծութիւններն են, որքան այն հարցը, թէ կողմերը քանի մը անգամ փոխեցին իրենց դիրքորոշումները: Իսկ այդպէս կարելի չէ», նշած է դիւանագիտական աղբիւրը:

Ըստ «Քոմերսանթ»ի, Քազանի հանդիպումին ձախողութիւնը կրնայ անմիջական հետեւանքներ ունենալ Մետվետեւի խաղաղասիրական միջնորդութեան վրայ. վերջինս 2009-ի աշունէն ի վեր կը փորձէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը հաշտեցնել եւ արդէն այդ ուղղութեամբ 9 հանդիպում կազմակերպած է:

«Եթէ մօտիկ ապագային Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պատրաստակամութիւն չցուցաբերեն կուտակուած խնդիրները լուծելու, մենք պիտի նկատենք, որ միջնորդական այս առաքելութիւնը աւարտած է: Աւելին, Մետվետեւ տագնապի կողմերուն ըստ էութեան վերջնագիր ներկայացուցած է` յաջորդ հանդիպումը կարելի է միայն այն պարագային, եթէ կողմերը այնտեղ ստորագրեն Ղարաբաղի խնդիրի լուծման վերաբերեալ պատրաստուած փաստաթուղթը», նշած է աղբիւրը:

Նախորդը

ՍՈՒՐԻԱ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԱԽՈՐԺԱԿԸ` ՄԵԾՑԱԾ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։