Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ, ԱՅԼ ԱՒԱՐՏԱԾ Է ԱՆՈՐ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

June 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլհամ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան նուիրուած զօրահանդէսի մը ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն ազրպէյճանական բանակը առաւել եւս հզօրացնելու համար, որովհետեւ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, այլ աւարտած է անոր առաջին մասը:

«Սպառազինութիւններու եւ թեքնիք կազմածներու գնումը պիտի շարունակուի: Մենք  ժամանակակից օդանաւեր, հրթիռային սարքեր, զինուորական փոխադրութեան ուղղաթիռներ կը գնենք® Ազրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ բանակի կարողականութիւնը բարձրացնելու համար® մենք պատերազմական պայմաններու մէջ կ՛ապրինք: Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, այլ աւարտած է անոր առաջին մասը: Այն երկիրը, որ կ՛ապրի պատերազմի պայմաններու մէջ, պէտք է նախ եւ առաջ ուշադրութիւն դարձնէ ռազմաշինութեան», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ այսօր Ազրպէյճանի պիւտճէի զինուորական նշանակութիւն ունեցող ծախսերը առաջին դիրքի վրայ են:

Ալիեւ ընդգծած է, որ «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը» պէտք է ապահովուի: «Մենք պիտի շարունակենք այդ մարզին մէջ տարուող դիւանագիտական ջանքերը», նշած է ան:

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՔԱԶԱՆԻ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐԷ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ «ՉԱՓԷՆ ԱՒԵԼԻՆ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒՆ»

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Քազանի հանդիպումին ընթացքին հայկական կողմը չափէն աւելին պահանջեց, ուստի կողմերը չկրցան փոխադարձ համաձայնութեան գալ:

«Քազանի հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ հայկական կողմը կ՛աղաւաղէ եօթնամեայ բանակցային հոլովոյթին էութիւնը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հակառակ այդ իրողութեան, կողմերը համաձայնած են շարունակել բանակցութիւնները: «Ես նոյնիսկ տպաւորութիւն ունիմ, որ նախագահները մտադիր են այդ ուղղութեամբ աշխուժ կերպով աշխատելու», ըսած է ան:

Նախորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ` ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՉԵՂԱՒ, ՔԱՆԻ ՈՐ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։