
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ աւարտած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը Գանձակի քաղաքապետ Էլմար Վելիեւի հետ:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ այցելած էին Ազրպէյճան:
Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ նախարարներուն միջեւ նաեւ տեղի ունեցած են երկկողմանի հանդիպումներ:


