Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Աճարները Քրիստոնէական Իրենց Արմատներուն Կը Վերադառնան

February 18, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԱԹԻՀ ԿԷՕՔՀԱՆ ՏԻԼԵՐ

AdjarՎրաստանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ, Թուրքիոյ սահմանամերձ Աճարական ինքնավար հանրապետութիւնը 20 տարիներու ընթացքին թատերաբեմը կը հանդիսանայ տարօրինակ կրօնափոխութեան գործընթացի մը: 1991-ին, երբ կը քայքայուէր Խորհրդային Միութիւնը, տարածաշրջանի բնակչութեան 75 տոկոսը իսլամներ էին:

Ներկայ մարդահամարներու տուեալներով, այսօրուան Աճարիոյ բնակչութեան 65 տոկոսը ուղղափառ քրիստոնեաներ են: Աճարիոյ ինքնավար մարզի բնակչութեան թիւը 2002-ի մարդահամարի տուեալներով կը կազմէ 375 հազար քաղաքացի: Վրացի «իսլամ» աճարներու կողքին, բնակչութեան մաս կը կազմեն ռուս, հայ, յոյն եւ աբխազ փոքրամասնութիւններ:

Պաթումի առաջնորդ Տիմիթրիոս սրբազանը կ՛ըսէ. «Թէեւ անոնք ձեւականօրէն իսլամ կրօնը ընդունած, բայց քրիստոնեայ աւանդութիւններն ու սրբութիւնները միշտ վառ պահած էին: Ես անձամբ հանդիպած էի իրենց տան մէջ պահած խաչը ցոյց տուող իսլամ ընտանիքներու»:

Եւրոպայի Փոքրամասնութիւններու հարցերու Կեդրոնին կողմէ պատրաստուած «Աճարիոյ մէջ իսլամութիւնը եւ կրօնափոխութիւնը» խորագրեալ տեղեկագրին մէջ կը նշուի, թէ յետ խորհրդային շրջանին իսլամ ինքնութիւնը օր ըստ օրէ տկարացաւ: Երկիրը օսմանեան տիրապետութեան անցած էր ԺԷ. դարուն: Այդ շրջանին դէպի իսլամութիւն արագ անցում մը տեղի ունեցաւ: Տարածաշրջանի աւագանին կայսրութեան կրօնը ընդունելու շնորհիւ յաջողեցաւ իր քաղաքական ու տնտեսական դիրքերը պահել: Այդ միջոցին իսլամութիւնը ընդունողներու համար հարկերէ զերծ մնալու առիթներ գոյացան:

Սակայն հասարակութեան մանաւանդ գիւղացի զանգուածը շատ երկար ժամանակ պահեց քրիստոնէական բարքերը: Օսմանեան կայսրութիւնը Աճարիան  կը դիտէր որպէս Ռուսիոյ դէմ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող վայր: Այդ իսկ պատճառով ալ ԺԹ. դարուն կայսրութիւնը ալ աւելի ճնշում բանեցուց իսլամութիւնը տարածելու համար:

Սակայն այդ հոսանքը 1990-էն ետք ամբողջովին շրջուած կ՛երեւի:

Աճարիոյ առաջնորդ Տմիթրիի վկայութեամբ, 13 մայիս 1991-ին հինգ հազար իսլամներ կամ անհաւատներ ուղղափառ քրիստոնեայ դարձան: Նոյն տարին Խուլոյի մէջ բացուեցաւ Սուրբ Անդրէասի անունով երկրորդական դպրոց մը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին հոգեւոր ճեմարանը կը հանդիսանայ: Առաջնորդը տակաւին կը յայտնէ, թէ բազմաթիւ ուղղափառ վարդապետներ իսլամ ընտանիքներու զաւակներ են: Ան այդ շրջադարձը կը մեկնաբանէ իբրեւ Աստուծոյ կամքը եւ հրաշքը:

Վրաստանի անկախութենէն ետք շարունակուող գործընթացը վրացիներու ազգային ինքնութիւնը կապեց ուղղափառ քրիստոնէութեան հետ: Աճարիան այս շրջանցումը կատարեց, հակառակ անոր, որ մայրաքաղաք Պաթումը հազիւ 20 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունի Թուրքիոյ սահմանէն: Մինչ այդ նշենք, որ լեռնային շրջաններու մէջ դեռ կան իսլամութիւնը  իւրացուցած գիւղեր:

Ֆրանսերէն հաղորդում կատարող Oumma.com  կայքէջին յայտարարութիւններ կատարող վրացի լրագրող Ալինա Օքորոպիրիծէ կ՛ըսէ, թէ վրացական ուղղափառ եկեղեցին մեր ազգային ինքնութեան հիմնաքարն է:

«Անցեալին բոլոր դրացի պետութիւնները` պարսիկները, օսմանցիք, ռուսերը արշաւեցին մեր երկիրը: Մեզ միատարր պահողը մեր հաւատքը եղաւ: Եթէ այդ հաւատքը չունենայինք, վրացի ժողովուրդ մը գոյութիւն չէր ունենար»:

Աճարիոյ մէջ այս գործընթացին ծառայեց նաեւ ազգայնամոլ կուսակցութիւններու եւ մամուլի քարոզչութիւնը: Օգոստոսի վերջերուն Ատիկենի շրջանին մէջ մզկիթի մը աշտարակը շինարարական նիւթերու մաքսային հարկը չվճարուած ըլլալու պատրուակով քանդուեցաւ: Մինարէի քանդումին դէմ կեցող իսլամները ձերբակալուեցան: Այս զարգացումներու լոյսին տակ երկրին մէջ կրկին ձեւաւորուեցաւ ազգ եւ կրօն հասկացողութիւններու շուրջ ձեւաւորուած ինքնութեան քաղաքականութիւնը:

«Ակօս»

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Կռուող Ազրպէյճանցի Զինեալներուն Հրամանատարը Սպաննուած Է

Յաջորդը

Տոմս

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.