Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Յառաջիկային Պիտի Ամբողջացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներուն Ծրագիրները

February 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-600x600Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ ծրագիրներու մշակման հոլովոյթը ընթացքի մէջ է եւ մօտ օրէն այդ ծրագիրները պատրաստ կ՛ըլլան: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Տեմիրճեան նշեց, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ստանձնած է Եւրոպայի տարածքին մէջ տարուելիք աշխատանքներու համակարգողի դերը: Ըստ անոր, ծրագիրները քաղաքական բովանդակութիւն ունին` յստակ քաղաքական պատգամով եւ ուղերձով: Տեմիրճեան շեշտեց, որ յստակ պատգամ ունենալ կը նշանակէ նաեւ պահանջատէր ըլլալ հայկական կալուածներու վերադարձին գծով:

Անդրադառնալով Չեխիոյ նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը բարձրաձայնելուն` Տեմիրճեան յայտնեց, որ նախագահին ելոյթին պիտի յաջորդէ պաշտօնական ճանաչումը: «Նախագահին կողմէ անհատապէս ճանաչումը անշուշտ չի նշանակեր, որ երկրին խորհրդարանը կամ օրէնսդիր մարմինը նոյնպէս անպայման ատիկա պիտի ճանչնայ: Բայց մեր գնահատումով, եթէ նախագահին կողմէ կատարուած է յայտարարութիւն, ապա անոր շարունակութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ պաշտօնական օրէնսդրական առումով», ըսաւ Տեմիրճեան:

Աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ եւրոպական տարբեր խորհրդարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրաձայնելու ուղղութեամբ:

Վերջին տարիներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը նշանակալի յաջողութիւններու հասած է ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւերու ընդունման գործին մէջ:

Յանձնախումբը սկսած է նաեւ նոր յանձնախումբերու ստեղծման հոլովոյթը Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին չճանչցած երկիրներուն մէջ: Նոյեմբերէն Ռումանիոյ մէջ կը գործէ Հայ դատի նորաբաց յանձնախումբը, որ աշխուժօրէն ներգրաւուած է Հայկական հարցի բարձրացման եւ լուծման աշխատանքներուն մէջ:

Մարտին կը նախատեսուի նոր յանձնախումբ մը ստեղծել Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն մէկուն մէջ:

Օրակարգին վրայ կը գտնուին ջաւախքահայութեան խնդիրները լուծելու նպատակով Եւրոպական Միութենէն օժանդակութիւն ստանալու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման, օգնութեան հարցերը:

Մեծ աշխատանքներ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար երկրի մասին եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն մէջ ճիշդ պատկերացում տալու ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք Կ՛առաջարկէ Վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Բանակցային Լիարժէք Ձեւաչափը

Յաջորդը

Նազարեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Խօսած Է Ազրպէյճանական Սադրանքներուն Մասին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.