
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման ցանկութիւն յայտնած է: «Յոյն եւ թուրք կիպրացիները յայտարարած են, որ անցած են հիմնախնդիրի երկարաժամկէտ լուծման բանակցութիւններու: Իսկ ինչո՞ւ նոյնը չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային», «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Ուորլիք:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Մենք համաձայն ենք Ճէյմս Ուորլիքի հետ, որ ժամանակը հասած է վերականգնելու լիարժէք բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական մասնակցութեամբ»:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ հոլովոյթը սկսաւ 1994-ին` Պիշքեքի մէջ կնքուած զինադադարէն ետք: Հիմնախնդիրի լուծման շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ: Ներկայիս բանակցութիւնները կ՛ընթանան նոյեմբեր 2007-ին համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած մատրիտեան առաջարկներու հիման վրայ: Հայաստան համոզուած է, որ լուծման հոլովոյթի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը անկարելի է առանց բանակցութիւններուն տագնապի կողմ հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութեան:


