
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ նախագահին ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի պատրաստութեան ընթացքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները:
Նախագահին այցելեց խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ, որ իր պատկերացումը ներկայացուց իր նախարարութեան ծրագիրին մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ կապին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն էր նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, որ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց իր ծրագիրը` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման առնչութեամբ, դիտել տալով, որ այցետոմսի դիւրութիւններ պիտի տրուին Լիբանան այցելել փափաքող զբօսաշրջիկներուն:
Այցելուներուն կարգին են նաեւ նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէ, Զուքի փառատօնի մէկ պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական հրաւէր փոխանցեց նախագահին:
Նախագահ Սլէյման նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանցի գրող Ամին Մաալուֆի հետ` շնորհաւորելով զայն ֆրանսական ակադեմիոյ խորհուրդին անդամ ընտրուելուն առիթով` հաստատելով, որ ասիկա նաեւ Լիբանանի համար նուաճում է:


