
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ կ՛ենթադրէ, որ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն փետրուարին նախատեսուած հերթական հանդիպումին ընթացքին կրնայ երկու երկիրներու նախագահներու հաւանական հանդիպումին հարցը քննարկուիլ:
Ռուսիոյ նախագահը երկուշաբթի օր ըսած էր, որ պատրաստ է հանդիպելու իր վրացի գործընկերոջ` Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ, եթէ վերջինս այդ ուղղութեամբ ցանկութիւն յայտնէ: Վրաստանի նախագահը իր կարգին նշած էր, որ պիտի վերլուծէ Փութինի խօսքերը, իսկ վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հանդիպելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր:
Երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն հերթական հանդիպումը նախատեսուած է փետրուարին` Փրակայի մէջ: Վրաստանի ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ եւս չէ բացառած, որ այդ հարցը կրնայ քննարկուիլ ռուս գործընկերոջ` Կրիկորի Քարասինի հետ հանդիպման ընթացքին:
«Մենք Ռուսիոյ հետ բանակցելու երկու ձեւաչափ ունինք` ժընեւեան բանակցութիւնները եւ Քարասինի ու Ապաշիծէի միջեւ երկխօսութիւնը, որ նախատեսուած է փետրուարի վերջաւորութեան: Բացառուած չէ, որ այդ հարցը բարձրացուի անոնց հանդիպումին ընթացքին», ըսած է Փանճիքիծէ:
Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած էին 2008-ի օգոստոսին տեղի ունեցած զինեալ տագնապին պատճառով, երբ Ռուսիան ճանչցած էր Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը:


