Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կրնայինք Խուսափիլ Միանձնեայ Որոշումէն» Ընդգծեց Աղուան Վարդանեան

February 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

«Որեւէ ողբերգական բան չպատահեցաւ, եւ պէտք չէ յայտարարութիւն չստորագրելուն որեւէ շրջանադարձային նշանակութիւն տալ, բայց մենք աւելի շատ կորսնցուցինք, քան շահեցանք», լրագրողներուն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական նիստին մասնակցած` Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան, խօսելով Սթրազպուրկի մէջ 5-6 փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստին մասին, որ աւարտեցաւ առանց եզրափակիչ յայտարարութեան, քանի որ կողմերը չյաջողեցան ընդհանուր յայտարարի մը գալ:

Աղուան Վարդանեան ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին, թէ ի՛նչ մթնոլորտի մէջ հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սթրազպուրկ գնաց: Մասնաւորաբար 3 սեպտեմբերի` Մաքսային միութեան միանալու յայտնի որոշումէն ետք, երբ Եւրոպայի մէջ Հայաստանի նկատմամբ յստակ անհասկացողութեան մթնոլորտ կար: Ըստ Վարդանեանի, հայկական պատուիրակութեան նպատակն էր եւրոպացիներուն փորձել բացատրել իրավիճակը, Հայաստանի առկայ կարելիութիւնները եւ դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ այն, որ թէեւ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը կատարուած փաստ է, բայց Հայաստան դռները բաց կը պահէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ կը փորձէ յառաջ երթալ:

Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կէտին մէջ խնդիրներ եւ տարակարծութիւններ յառաջացան կողմերուն միջեւ: Վարդանեան ընդգծեց, որ միացեալ փաստաթուղթ չստորագրելը իր հետեւանքները պիտի ունենայ: Դաշնակցական պատգամաւորը նաեւ յայտնեց, որ թէեւ ժամանակը շատ քիչ էր, բայց հայկական պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն` Եւրոպական Միութեան խորհրդարանականներուն հետ ընդհանուր յայտարարի չգալու փաստը տարակուսանք յառաջացուցած էր, քանի որ 3 սեպտեմբերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով կարելի չեղաւ միացեալ փաստաթուղթ ստորագրել:

«Մենք կ՛ենթադրենք, որ մեր խումբին ղեկավարը կը հաղորդակցի պաշտօնական Երեւանի հետ, բայց կը կարծեմ, որ Ֆարմանեան պէտք է իր գործընկերներուն, անկախ անկէ` ընդդիմութիւնը կը ներկայացնեն, թէ ոչ, տեղեկացնէր այդ քննարկումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին: Մենք կրնայինք խուսափիլ միանձնեայ որոշումէն: Այս պարագային մենք աւելի շատ կորսնցուցինք: Կը վախնամ, որ այս քայլով Եւրոպայի մէջ բարեկամներ կը կորսնցնենք», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ Հայաստան այսուհետեւ աւելի ծրագրուած աշխատանքներ պէտք է տանի` փորձելով ներազդել այնպէս, որ հետագային խուսափին նմանօրինակ իրավիճակներէ:

Պատասխանելով Tert.am-ի այն հարցումին, թէ արդեօք Աղուան Վարդանեան համաձա՞յն էր Եւրոպական Միութեան խորհրդարանականներուն ներկայացուցած փաստաթուղթի տարբերակին, ան նախ յայտնեց, որ խնդիրներուն մէջ խորանալու պարագային շատ բան կրնայ բացայայտել: Այսուհանդերձ ան անգամ մը եւս յստակացուց, որ կային ձեւակերպումներ, որոնց հետ համաձայն չէր, բայց համաձայն կ՛ըլլար` յանուն փաստաթուղթի ստորագրման:

Նախորդը

Բաց Նամակ Ուղղելով Նահանգային Օրէնսդիրներուն` «Թոյլ Մի՛ Տաք Ալիեւին Ներխուժել Ամերիկայի Քաղաքացիական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Համբարեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Իսլամական Յեղափոխութեան 35-ամեակը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.