Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Քաղաքապետութեան Թեկնածու Անն Հիթալքօ Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ

February 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անն Հիթալքօ
Անն Հիթալքօ

Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածու, ընկերվարական Անն Հիթալքօ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան մը կողմէ ընդունուած է Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ:

Քաղաքապետական ընտրութիւններուն երկու ամիս մնացած, հակառակ իր խիստ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին, Հիթալքօ չէ վարանած ընդառաջելու հրաւէրին եւ յունուարի աւարտին ամբողջ յետմիջօրէ մը յատկացուցած է այս տեսակցութեան:

Փարիզի համար իր ընդհանուր յանձնառութիւնները ներկայացնելէ ետք, ընկերվարական թեկնածուն շեշտը դրած է ազատութեան եւ արդարութեան իր փարումին վրայ: Հայ դատի թղթածրարներուն լաւ տիրապետող Անն Հիթալքօ կրկնած է իր յանձնառութիւնը ժխտողականութեան դէմ պայքարին գծով:

«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը անհրաժեշտութիւն է եւ լիովին զօրավիգ եմ անոր», ըսած է Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածուն:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին, Անն Հիթալքօ հոս եւս վճռական կեցուածք ցուցաբերելով ըսած է, թէ այնքան ատեն որ այդ երկիրը չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, անկարելի է նախատեսել այդ անդամակցութիւնը, որուն առնչութեամբ ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա պէտք է լրացնէ նաեւ մարդկային իրաւանց յարգումին առնչուող որոշ պայմաններ:

Արծարծուած է նաեւ Փարիզի մէջ Հայկական յուշագրութեան կեդրոնի մը ստեղծման հարցը, որուն մասին Անն Հիթալքօ ըսած է, թէ բաւական զարգացումներ արձանագրուած են: Սկզբունքով, այդ կեդրոնը պիտի հիմնուի Փարիզի 7-րդ թաղամասին մէջ: Ծախսերը պիտի հոգայ Փարիզի քաղաքապետարանը:

Վերջաւորութեան, ընկերվարական թեկնածուն խօսած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ իր հանդիպումին մասին` նշելով, թէ ինք կը փափաքի երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ հաստատել իւրայատուկ յարաբերութիւններ, փոխանակումի իսկական կառոյց մը` ուսանողներու եւ արհեստավարժութեան ընթացքին հետեւող երիտասարդներու համար:

Հիթալքօ նաեւ փափաք յայտնած է Հայաստան այցելելու, երթալ ծանօթանալու Երեւանի եւ գաւառի բնակիչներուն հետ իր ընտրութեան առաջին տարուան ընթացքին իսկ, բնականաբար` եթէ ընտրուի:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նոր Բանաձեւը Աշխուժօրէն Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Քոնկրեսին Մէջ

Յաջորդը

Հանդիպում Հոլանտայի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.