Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

June 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան արձագանգեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սթրազպուրկի մէջ ունեցած ելոյթին: Ան նշեց, որ նախագահին ելոյթին, յատկապէս հարցում-պատասխանի մասին մէջ կային քանի մը ոչ ճիշդ ներկայացուած արտայայտութիւններ: Ըստ անոր, անոնցմէ երեքը պէտք է որոշ ձեւով հերքուին իշխանութիւններուն կողմէ:

Առաջին` ներկայացնել, որ Հայաստանը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, որովհետեւ կ՛ընդունի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, յստակօրէն Հայաստանի նախորդ քսան տարիներուն` ներառեալ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան երեք տարիներու դիրքորոշման ոչ ճիշդ ներկայացումն է: Վարդան Օսկանեան աւելցուց, որ երկու տասնամեակներէ ի վեր Հայաստան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէսզի բանակցային հոլովոյթին ելքը կանխորոշած չըլլայ: Այն պահուն, երբ Ազրպէյճան դուրս գայ բանակցութիւններէն կամ փորձէ հարցը ուժով լուծել, Հայաստան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ըստ անոր, ասիկա եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան երեք վարչակարգերու քաղաքականութիւնը: Ան շեշտեց, որ նախագահին մեկնաբանութիւնը ճշգրտման կարիք ունի, յատկապէս որովհետեւ անոր հիմնական ելոյթին մէջ չկայ որեւէ արտայայտութիւն, որ պաշտօնական դիրքորոշումը կ՛արտացոլէր:

Վարդան Օսկանեան յայտնեց, որ երկրորդ արտայայտութիւնը հետեւեալն է. ուժի չօգտագործման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները, զորս նախագահը ներկայացուց իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ, իրականութեան մէջ կը հանդիսանան Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքները եւ կը ծառայեն իբրեւ ուղենիշ որեւէ տագնապի համար, ներառեալ` ղարաբաղեանը: Տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար իւրայատուկ սկզբունքներ մշակուած են, որոնք թիւով երեքէն աւելի են: Անոնք ճանչցուած են իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ: Ըստ Օսկանեանի, նոյնիսկ եթէ Մատրիտեան փաստաթուղթը ձեւափոխուած է, սկզբունքները նոյնը մնացած են: Եւ Մատրիտեան սկզբունքներէն առաջինն ալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքն է:

Երրորդ արտայայտութիւնը, ըստ Վ. Օսկանեանի, հետեւեալն է. երկու զինուորական յաղթանակներէն ետք հայերը հաւատարիմ են բանակցային հոլովոյթին, որովհետեւ կը հաւատան, որ զինուորական լուծում չկայ այս տագնապին, ո՛չ թէ որովհետեւ ազրպէյճանական կողմը որոշ առաւելութիւններ ունի հայկական կողմին նկատմամբ: Ան հաստատեց, որ հայերուն նպատակը խաղաղ լուծումն է, որ հիմնուած պիտի ըլլայ հաստատուն եւ տեսական սկզբունքներու վրայ: Քազանի նախօրեակին հայկական դիրքորոշումը պէտք է յստակօրէն ճշգրտուի: Այս պայքարը միշտ եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման պայքար:

 

Նախորդը

«ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԻՋՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻԼԸ ՄԻԱՄՏՈՒԹԻՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։