Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԶԻՋՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻԼԸ ՄԻԱՄՏՈՒԹԻՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

June 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Հրայր Կարապետեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ակնկալիքներ չունի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումէն:

Ըստ անոր, ազրպէյճանական կողմը պատրաստ չէ տագնապի խաղաղ լուծման եւ փոխադարձ զիջումներուն:

Հ. Կարապետեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախանցեալ օրուան ելոյթէն յայտնի դարձած է, որ Հայաստան պատրաստ է փոխադարձ զիջումներ կատարելու:

ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ Քազանի հանդիպումէն ետք միջազգային հանրութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները պէտք է աննախադէպ ճնշումներ գործադրեն Ազրպէյճանի նկատմամբ:

Ան համոզում յայտնեց, որ եթէ պատերազմը վերսկսի, շրջանի երկիրները չեն կրնար չմիջամտել, իսկ այս պարագային չի բացառուիր, որ ատիկա վերածուի Համաշխարհային Գ. պատերազմի:

Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ հիմա միամտութիւն կը նկատուի տարածքներու զիջման մասին խօսիլը:

Ըստ անոր, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ որեւէ կարելիութիւն` ռազմատենչ յայտարարութիւն կատարելու համար: Հրայր Կարապետեան իբրեւ օրինակ նշեց Ստեփանակերտի օդակայանի բացման մասին Ազրպէյճանի յայտարարութիւնը:

«Եթէ տարածքները յանձնուին, բուն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը մօտիկ ըլլայ, ապա զինուորական վտանգը աւելի պիտի մեծնայ: Եւ մինչեւ որ Ազրպէյճան իր դիրքորոշումներուն մէջ 180 աստիճանով չի փոխուի, ապա ան մեզի համար, Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան համար սպառնալիք է: Իսկ հիմա զիջումներուն մասին խօսիլը ոչ միայն սխալ է, այլեւ կրնայ ճակատագրական դառնալ», յայտնեց ան` միաժամանակ նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ ազատագրուած տարածքները եւս Լեռնային Ղարաբաղի մաս կը կազմեն:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, որ Ազրպէյճան աւելի լաւ պատրաստուած է պատերազմին, Հրայր Կարապետեան ընդգծեց, որ ատիկա դիւանագիտական ելոյթ էր` ուղղուած միջազգային կառոյցներուն:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ հոգեբանական մեծ առաւելութիւն ունի Ազրպէյճանի նկատմամբ: «Զինեալ ուժերուն մէջ կը ծառայեն 90-ականներուն ծնած երիտասարդներ, որոնք ծնած են, մեծցած են Արցախի մէջ եւ գիտեն թէ Արցախը ո՛ւր է եւ ի՛նչ արժէք ունի ան մեզի համար: Իսկ անոնք, որոնք կը ծառայեն ազրպէյճանական բանակին մէջ, չեն գիտեր նոյնիսկ Արցախի տեղը, անոնք եթէ, Աստուած չընէ, պատերազմ ըլլայ, պիտի գործեն նուաճողական տեսանկիւնէն` յանուն ուրիշ հայրենիքի եւ հողի», յայտնեց ան:

Հ. Կարապետեան անգամ մը եւս կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահը եւ դիւանագիտական խումբը պէտք է անընդհատ ընդգծեն ատոր անհրաժեշտութեան:

 

Նախորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՀԱՅ- ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԴԵՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։