Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Նոյնիսկ Մաքրազտուած Բաց Արխիւները Կ՛ապացուցեն Ցեղասպանութեան Փաստը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

February 1, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

«Երբ նախագահը կ՛ըսէ, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատիլ այն ուղղութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացուի, ատիկա արդէն բաւարար հիմք է հաւատալու նախագահին, յատկապէս որ այդ յայտարարութիւնը կատարուած  է Թուրքիոյ մէջ», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Թուրքիա կատարած այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Ֆրանսան պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, եւ կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Հոլլանտ ճիշդ է ուղղակիօրէն կոչ չէ ուղղած, բայց իմաստը ատիկա եղած է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ Թուրքիա կատարած առաջին այցելութեան ժամանակ առանց Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու նոյն բանը ըսած էր, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ իր պատմութիւնը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց, որ ատիկա աննախադէպ դէպք չէ, բայց կարեւոր է, որովհետեւ արդէն երկրորդ պետութեան ղեկավարն է, որ այսպիսի ակնկալիք-պահանջ կը դնէ Թուրքիոյ առջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի յայտարարութեան, որ Թուրքիա պատրաստ է բանալու արխիւները, Մանոյեան յայտնեց, որ Կիւլ նաեւ նշեց, որ «հարցը պատմաբաններուն հարցն է եւ պէտք չէ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Ան նաեւ նշեց, որ նախ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմաբաններու հարց չէ, ատիկա Թուրքիոյ կողմէ Թուրքիոյ պատմութեան ճանաչումն է, որուն համար արդէն իսկ բացուած արխիւին մէջ նոյնիսկ բաւարար ապացոյցներ կան ցեղասպանութեան փաստը հաստատող»:

Ըստ անոր, եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա նոր ուսումնասիրութիւններու կարիք չունի:

«Արխիւներուն ընդամէնը մէկ մասը բացուած է, բոլորը բացուած չեն, բայց արդէն բացուած արխիւներուն մէջ, նոյնիսկ մաքրազտուած վիճակին մէջ, իսկ մենք համոզուած ենք, որ մաքսազտուած են, արդէն կան բաւարար փաստեր, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, այսինքն` գոյութիւն ունեցած է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ հայութեան ամբողջութեամբ ոչնչացնելու ծրագիր, որ գործադրութեան դրուած է», ընդգծեց  Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման` Մանոյեան այդ քայլը միանշանակ դրական գնահատեց, յատկապէս որ Լոս Անճելըս որոշ երկիրներու բնակչութեան չափ բնակչութիւն ունի:

«Կարեւոր է, որ առաւելագոյնը շատ այսպիսի ճանաչումներ ըլլան: Ճիշդ է, ասիկա իտէալական ճանաչում չէ, ինչպիսին է պետութեան կողմէ ճանաչումը, բայց որքան այսպիսի ճանաչումները շատնան եւ ոչ միայն բանաձեւերու տեսքով, այլեւ ուրիշ քայլերով` մէկզմէկու միջեւ յարաբերութիւններ սկսելով, ատիկա արդէն կը նպաստէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման, որովհետեւ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում կ՛ըլլայ` հասկնալու համար, որ ինք չի կրնար բանակցութիւնները անվերջ պատանդ պահել, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը կրնայ նաեւ այլ քայլերու դիմել»:

 

Նախորդը

Արցախի Ազգային Վիճակախաղէն Գոյացած Գումարը Պիտի Յատկացուի Իշխանաձորի Վերածնունդին Եւ Հայրենադարձութեան Գաղափարի Կեանքի Կոչման

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Ընտանիք Մը Քաղաքական Ապաստան Կը Խնդրէ Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.