Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԷՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

June 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլհամ Ալիեւ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռամփոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ համանախագահող երկիրներու վերջին յայտարարութիւնները յուսադրող են:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար մինսքեան հոլովոյթին աջակցութեան համար Եւրոպական Միութեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ալիեւ յայտարարած է. «Տագնապի լուծման սկզբունքներուն առնչութեամբ Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու կատարած վերջին յայտարարութիւնները յուսադրող են: Յատկապէս յուսադրող են Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն այն յայտարարութիւնները, թէ սթաթիւս քոն անընդունելի է եւ պէտք է փոխուի, եւ այն, որ տագնապը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին հիման վրայ, որ իր մէջ կը ներառէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները: Եւ ասոնք զիրար չհակասող սկզբունքներ են: Անհրաժեշտ է խնդիրի այնպիսի լուծում, որուն ծիրին մէջ պիտի պահպանուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ շրջանին մէջ մարդիկ պիտի ապրին ազատ ու խաղաղ: Ես կը կարծեմ, որ Մինսքի խմբակի ղեկավարները ատոր համար հիմք կը ստեղծեն: Մենք բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմէն կառուցողական մօտեցում  կ՛ակնկալենք եւ կ՛ուզենք, որ խնդիրը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի, ինչ որ իր կարգին մեր հողերու ազատագրումէն ետք թոյլ պիտի տայ հազարաւոր ազրպէյճանցիներու վերադառնալու իրենց տուները»:

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռամփոյ` մեկնաբանելով Քազանի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը, ըսած է. «Այժմ հիմնարար սկզբունքներուն առնչութեամբ համաձայնագիրը իր աւարտին հասցնելու համար լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու ճիշդ ժամանակն է: Իսկ այդ մէկը թոյլ պիտի տայ խաղաղ համաձայնագիրի առնչութեամբ բանակցութիւններուն սկսելու»: Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներուն հիման վրայ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն:

Միւս կողմէ,  «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա յայտարարած է, որ «այս պահուս ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ աշխուժութիւն կը նկատուի. խնդիրին լուծումով զբաղող անձերը, ինչպէս նաեւ տարբեր պետութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչները լաւատեսութիւն կը դրսեւորեն»:

«Այս ամէնը յոյս կը ներշնչէ, որ Քազանի հանդիպումը կրնայ շրջադարձային պահ ըլլալ իագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան:

Ըստ անոր, եթէ Քազանի հանդիպումին ընթացքին հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնութեան շուրջ աշխատիլ:

Նախորդը

ՌՈՒՍԻԱ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻ, ՈՐ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ

Յաջորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՀԱՅ- ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԴԵՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։