
«Անցեալի կնճռոտ խնդիրները ոչ թէ մոռացութեան պէտք է մատնել, այլ լուծել», շեշտեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով` անդրադառնալով երկուշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կատարած յայտարարութեան:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահը լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը իրենց բնօրրանին մէջ ուրիշ այլ բան չէ, քան մարդկութեան նկատմամբ ոճիրի վառ դրսեւորում: Ըստ անոր` մարդկային հասարակութեան դէմ երբեւէ իրագործուած ոճիրներու մոռացութիւնը ծնունդ կու տայ նոր ոճիրներու, օրինակ` հրեաներու Ողջակիզումը Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն: Ան նշեց, որ «թրքական իշխանութիւնները պէտք է քայլերու ձեռնարկեն` հաշտուելու սեփական պատմութեան հետ եւ ծանր բեռը ապագայ սերունդներուն չձգելու համար պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
«Հակառակ պարագային, իրականացնելով ժխտողական քաղաքականութիւն` անոնք կը գործեն ոչ պակաս ոճիր, քան երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կատարածը», յայտարարեց Շարմազանով:
Ֆրասնայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանին եւ հայկական սփիւռքին կոչ ուղղած էր «անցեալի ցաւերը ետեւ ձգել եւ չփոխանցել սերունդէ սերունդ»:


