Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայ Համայնքը Հիասթափուած Է Թուրքիոյ Մէջ Հոլլանտի Կատարած Յայտարարութենէն

January 30, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

HratchՖրանսայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յստակ եւ շօշափելի քայլերու պիտի ձեռնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առնչութեամբ:

«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման մասով ես կասկած չունիմ, որովհետեւ նախագահը շատ յստակ նշեց, որ նախագահական պալատը մտադիր է հարցը լուծել միայն օրէնքի սահմաններուն մէջ: Ասիկա մեզ կը հետաքրքրէ, որովհետեւ եթէ օրէնքի սահմաններուն մէջ հարցը պիտի լուծուի, ապա օրինագիծը պէտք է անցնի եւ գործադրուի: Համոզուած եմ, որ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նախագահ Հոլլանտ յստակ եւ շօշափելի քայլերու պիտի ձեռնարկէ, մանաւանդ որ նախատեսուած է անոր մայիսեան այցելութիւնը Երեւան, ուր օրինագիծին հետ կապուած յառաջադէմ եւ դրական յայտարարութիւն պիտի ընէ», նշեց Վարժապետեան:

Մեկնաբանելով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտի յայտարարութիւնը` պատմութեան հետ հաշուի նստելու հետ կապուած, ան ընդգծեց, որ ֆրանսական մամուլի լրատուութիւնը եւ նախագահի յայտարարութիւնը էականօրէն կը տարբերին. ֆրանսական մամուլի հրապարակումներուն մէջ կը նշուէր, որ նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ուղղած է, սակայն ան այդպիսի բան չյայտարարեց: «Այդ առումով հայ համայնքի ակնկալիքները չարդարացան: Նախագահի յայտարարութեան մէջ իրերը իրենց անուններով չէին կոչուած: Անընդունելի են նաեւ այն արդարացումները, իբրեւ թէ գտնուելով Թուրքիոյ մէջ, նախագահը չէր կրնար նման յայտարարութիւն կատարել: Հայ դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ նոյն պահանջին` հասնելու վերջնական արդարութեան», բացատրեց Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավարը:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի` Թուրքիա պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին Ֆրանսայի հայ համայնքը բողոքի ցոյց կատարած էր` պահանջելով Թուրքիոյ առջեւ բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Հոլլանտ իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի հետ Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «հաշտութիւն եւ համաձայնութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է ճանչնալ 1915-ի իրադարձութիւնները», իսկ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը պէտք է կիրարկել միջազգային համաձայնագիրներու ծիրին մէջ»:

 

 

Նախորդը

Ուորլիք Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղութեան Եզրեր Գտնելու

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Մահուան 95-ամեակին Առիթով Ծաղիկներ Զետեղուեցան Անոր Կիսանդրիին Մօտ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.